Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Անկախութեան տօնին ընթացքին արտասանած ճառը անկախական էր` իր ձեւով, վայրով, նիւթով եւ բովանդակութեամբ»:
Ան այդպիսով մեկնաբանեց Հարաւային Լիբանանի իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու համար Անկախութեան տօնի 82-ամեակին առիթով Սուր քաղաքէն հանրապետութեան նախագահի արտասանած ճառին մէջ ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը:
Անդրադառնալով իր օգնական երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի Թեհրան այցելութեան եւ լիբանանեան թղթածրարով զբաղող կարգ մը իրանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպումին` Պըրրի ըսաւ, որ հանդիպումները «լաւ եւ դրական» էին:
«Խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ մայիսին` իրենց ժամկէտին, արտերկրի լիբանանցիներու արձանագրման ժամկէտը վերջանալէն ետք գործող օրէնքի հիմամբ, եւ զանոնք յետաձգելու պատճառ չկայ», նշեց խորհրդարանի նախագահը:


