Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հովանաւորեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ Պէյրութի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ կազմակերպած «Պատասխանատու քաղաքացիութիւն» խորհրդաժողովը, որուն բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Լիբանանի մէջ ներկայացուցիչ Մարք Լուիճի Քորսի եւ շուրջ 300 ուսանողներ Ամերիկեան համալսարանէն, Լուէյզէի համալսարանէն, Հայկազեան համալսարանէն, Լիբանանեան համալսարանէն, Սաժես համալսարանէն, Պէյրութի արաբական համալսարանէն, Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն, Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանէն եւ Մաարեֆ համալսարանէն:
Նախարար Պայրագտարեան այս առիթով խօսք մը արտասանելով շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սալամին` խորհրդաժողովը հովանաւորելուն համար:
«Անոր ներկայութիւնը յստակ ապացոյց է երիտասարդութեան դերակատարութեան նկատմամբ անոր մեծ հետաքրքրութեան եւ հաւատքին, թէ զանոնք կարող դարձնելը աւելի հզօր Լիբանանի կառուցման հիմնական դուռ է», յայտնեց Պայրագտարեան:
«Զուգադիպութիւն չէ, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Անկախութեան տօնին, որ այլեւս աւելի խոր իմաստ կը պարունակէ` մեր հարցերն ու ապագան կառավարելու մեր կարողութեան եւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի պետութեան ու հասարակութեան կառուցման մասնակցութեան վերաբերեալ», նշեց ան:
«Անկախութեան իմաստը այսօր քաղաքականութենէն անդին անցնելով կը ներառէ տնտեսութիւնը, հասարակութիւնն ու մշակոյթը, եւ անիկա կը նշանակէ տեւական բարգաւաճում իրագործելու կարողութիւնը, բոլոր լիբանանցիներուն համար հաւասար առիթի ապահովումը եւ պահպանումը բազմազանութեան վրայ հիմնուած մեր ազգային ինքնութեան», աւելցուց նախարարը:
Պայրագտարեան նշեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ կը գրենք նոր էջ մը, «որով իր էութեամբ քաղաքացիութեան գաղափարը կը բխի արժէքէն եւ կատարողականէն, որ պէտք է զուգակցուի պատասխանատուութեան: Այս պատասխանատուութիւնը կարգախօս չէ, այլ` ժողովուրդին արդար եւ արդիւնաւէտ ծառայելու գործնական պարտաւորութիւն: Մենք կ՛ուզենք պատասխանատու քաղաքացիութիւն, որ իրաւունքներն ու պարտականութիւնը կը հաւասարակշռէ այնպէս, որ ապահովէ գործուն մասնակցութիւն եւ համախմբուած հասարակութեան կառուցում»:
Իր խօսքը երիտասարդներուն ուղղելով նախարարը ըսաւ. «Լիբանանի ապագան պիտի կառուցուի միայն ձեր, ձեր գաղափարներուն եւ ձեր ներուժին շնորհիւ: Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը ամէն ջանք կը թափեն ապահովելու այն, ինչ որ կը նպաստէ մեր երիտասարդութիւնը հայրենիքին մէջ պահելու: Ես ձեզի կը խոստանամ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն մը, որ պիտի լսէ իր երիտասարդութեան ձայնը, զանոնք պիտի ներգրաւէ հանրային գործերու կառավարման մէջ եւ անոնց նկատմամբ թափանցիկութիւն պիտի խոստանայ:
«Ես ձեզի կը խոստանամ, որ մենք պիտի շարունակենք ապագայ մասնակցային ձեռնարկները, որոնք պիտի արտացոլեն պետութեան եւ քաղաքացիին միջեւ գործընկերութեան իտէալական օրինակ»:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին խօսք արտասանելով յայտնեց. «Ուրախ եմ այսօր, Անկախութեան տօնին, ձեզի հետ ըլլալու աշխատանոցի մը մէջ, որուն խորագիր ընտրուած է «Պատասխանատու քաղաքացիութիւն»-ը, առանց որուն Լիբանան չի կրնար ոտքի կանգնիլ»:
«Օրէնքի պետութիւնը, որ կ՛ուզենք, քաղաքացիին առաջին երաշխաւորն է, անկէ վեր գտնուող իշխանութիւն չէ, այլ անոր ծառայող հաստատութիւն: Անոր սահմանադրութիւնը մոռցուած գիրք մը չէ, այլ հասարակական կեանքը կարգաւորող շրջագիծ», նշեց վարչապետը:
«Այսօր ձեր միջոցով կը դիմեմ Լիբանանի իւրաքանչիւր երիտասարդ-երիտասարդուհիի եւ կ՛ըսեմ. «Դուք ճգնաժամերը յաւերժացնող սերունդ չէք, այլ զանոնք յաղթահարելու սերունդ: Ասիկա կը պահանջէ մեր սկսած հաստատութենական, վարչական եւ ֆինանսական բարեփոխումներու աւարտ, ինչպէս նաեւ պետութեան իշխանութիւնը ամբողջ երկրի տարածքին տարածել սեփական ուժերով: Այս է երկիրը փրկելու ցանկալի փոփոխութիւնը: Ճշմարտութիւնը այն է, որ միայն պատասխանատու քաղաքացիները կրնան ստեղծել նոր Լիբանանի կերպարը եւ պաշտպանել մեր տօնած անկախութիւնը», եզրափակեց Սալամ:


