. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքրոնիա»-ին. «Թապաթապաիին Հարաւային արուարձաններու կեդրոնին մէջ ահաբեկումը ցոյց կու տայ, թէ Իսրայէլ վերջ տուած է սպառնալու փուլին եւ սկսած շաբաթներէ ի վեր սպառնացած մագլցումի գործնական ու իրողական գործողութեան փուլին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Թապաթապաին ահաբեկելը կը բաւարարէ պահանջները Միացեալ Նահանգներու, որոնք զինք ահաբեկչութեան ցուցակի վրայ դրած էին, ուստի այդ գործողութիւնը պիտի աւելցնէ ամերիկեան ճնշումը, ինչ որ կ՛ամրապնդէ Իսրայէլի պահանջներուն եւ ընտրանքներուն դարձեալ աջակցելու Ուաշինկթընի ընտրանքը»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Օդային հարուածը Իսրայէլէն Հըզպալլային ու լիբանանեան իշխանութեան յղուած պատգամ մըն է, թէ պատրաստ է որեւէ տեղ եւ ատեն մագլցում կատարելու, եւ թէ կուսակցութեան իր զինուորական կարողութիւնները վերականգնելու փորձին դիմաց ձեռնածալ պիտի չմնայ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլան, հակառակ այս հարուածը կարմիր գիծ նկատելուն, կանգնած է երկու ընտրանքի առջեւ` կա՛մ հակադարձել եւ դիմագրաւել վտանգը բանալով ճակատ մը նոր կռիւի, որուն կարող կրնայ չըլլալ, կա՛մ ալ լուռ մնալ, եւ մեկնելով ասկէ Իսրայէլ կրնայ առիթը օգտագործել իր մագլցումը շարունակելու»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլեան լրատուամիջոցներէ հնչող պատերազմի սպառնալիքներուն մեծամասնութիւնը որոշակի նպատակի իրագործման համար ահաբեկման ու Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնելու ծիրին մէջ է»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմը զինադադարի յայտարարութենէն ի վեր չդադրեցաւ, թէեւ տարբեր մակարդակներու վրայ կ՛ընթանայ: Լիբանանը սպառնալիքի բեմագրութիւններուն կը պատասխանէ լուծումներ առաջարկելով եւ բանակցելու պատրաստակամութիւն յայտնելով»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի Անկախութեան տօնին առիթով յղած ուղերձին ընթացքին ներկայացուցած փաստերը եւ շարք մը իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակցութեան վերաբերեալ անոր նախաձեռնութիւնը արձագանգներու եւ մեկնաբանութիւններու առիթ պիտի ընծայեն»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի Անկախութեան տօնի պատկերասփռուած ճառը տարիներէ ի վեր առաջին լիբանանեան ամբողջական առաջարկ մըն է, որ իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու եւ յարձակումները վերջնականապէս դադրեցնելու յստակ եւ իրարու կապուած ճամբու քարտէս մը կը ներկայացնէ, եւ պետութիւնն ու բանակը կը զետեղէ հաւասարակշռութեան կեդրոնը, ճամբան կը բանայ պատմական կարգաւորման մը, որ կը վերականգնէ գերիշխանութիւնը եւ կը լուծէ հարաւային Լիբանանի մէջ երկարատեւ տագնապի արմատները»:
. ՇԻԻ երկեակէն աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն Իսրայէլի հետ խաղաղ բանակցութիւններու կոչ ուղղելով ուզեց փոխանցել պատգամ մը ոչ միայն ուղղակի բանակցութիւնը մերժելուն վերաբերեալ, այլ պնդելուն, որ անիկա մնայ նշաձողին տակ Իսրայէլի մինչեւ միջազգային սահմաններ հեռացման` առ ի գործադրութիւն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ապահովական աղբիւր մը «Արապիա»-ին. «Հըզպալլան տկարացնելու փուլը պէտք է տարեվերջէն առաջ աւարտի»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան օդուժը իր օդային պաշտպանութիւնը ամրապնդեց եւ հիւսիսի մէջ իր պատրաստութեան մակարդակը բարձրացուց` առ ի նախազգուշացում Լիբանանէն Հըզպալլայի կողմէ հրթիռներու արձակման»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակը այս տարուան ընթացքին լիբանանեան 21 սահմանամերձ գիւղերու մէջ աւելի քան 1200 խուզարկումներ կատարեց»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին հասած ամերիկեան տեղեկութիւններու համաձայն, «նախագահ Աունին ընդդիմախօս լիբանանեան լոպին չի դադրիր հարցերը մղելէ դէպի վրէժ լուծելը իւրաքանչիւր անձէ, որ չ՛ուզեր ամերիկեան հրամաններուն ենթարկուիլ, նոյնիսկ եթէ անոնք պետութեան եւ բանակին ղեկավարներն են»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան հեռանկարը կը բախի պատերազմական յոգնածութեան, դիւանագիտական նախաձեռնութիւններու եւ աճող ճնշումի աննախադէպ խառնուրդի, սակայն ռազմավարական խոչընդոտները կը մնան ահռելի»:
. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «իշխանութեան ճամբու քարտէսը գործադրել ձախողիլը, Հըզպալլայի շունչ քաշելն ու շրջանի թղթածրարները շուտով աւարտելու միջազգային պնդումը կուսակցութիւնը դարձեալ դրաւ յառաջատար դիրքի վրայ»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Հըզպալլան, իշխանութեան երեք պետերուն ուղղուած իր բաց նամակէն ետք, դուռը բաց ձգեց բանակցութիւններուն առջեւ, առանց անոնց համաձայն ըլլալը յայտարարելու»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Հըզպալլան բանակցութեան չ՛առարկեր, սակայն կը ճշդէ այն յստակ պայմանը, որ անիկա սահմանափակուած ըլլայ իսրայէլեան հեռացումի, յարձակումներուն դադրեցման եւ սահմանագծման քննարկման վրայ, առանց զէնքի թղթածրարին շուրջ բանակցելու»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Այաթոլլա Սիսթանի իրանցիներուն փոխանցեց պատգամ մը Լիբանանի մէջ շիիներու կացութեան շուրջ, որ շատ դժուար դարձած է եւ որեւէ նոր պատերազմէ պաշտպանութեան կը կարօտի, եւ կարելի չէ զանոնք ենթակայ ձգել տագնապի մը, որ կրնայ զանոնք իրենց գիւղերէն տեղահանման յանգեցնել»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «ֆրանսացի պատուիրակ ԼըԺանտր սուրիացիներուն եւ լիբանանցիներուն առաջարկեց ֆրանսական օրէնքին վրայ հիմնուած տարազ մը` ոճիրներով ամբաստանուած բանտարկեալները իրենց երկիրներ արտաքսել, եւ այդ խնդիրի լուծման մէջ ֆրանսական օգնութեան կարելիութիւնը առաջարկեց»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Գոյութիւն ունին բանտարկութեան տարին 9-էն 6 ամիսի նուազեցնելու փորձեր, ինչ որ դատապարտեալ բազմաթիւ կալանաւորուածներու ազատ արձակումը պիտի դիւրացնէ եւ արագացնէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Սուրիան կը պնդէ սուրիական յեղափոխութեան մասնակցելնուն պատճառով կալանաւորուածները ազատ արձակելու անհրաժեշտութեան վրայ, որուն վերաբերեալ նախապէս սուրիական դատական պատուիրակութեան հետ համաձայնութիւն գոյացած էր` այս հարցի լուծումը նախատեսող համաձայնագիրի ստորագրման շուրջ»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնը այսօր հիմնուած է նոր ենթահողի վրայ, որուն բաղադրիչ մասերն են վստահութիւնը, զօրակցութիւնը եւ գործակցութեան փափաքը, եւ այս շրջադարձը կ՛արտացոլէ ղեկավարներուն կողմէ գործակցութեան ոգիով թղթածրարներ բանալու քաղաքական յստակ որոշումը»:
. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Պըրրի արտասահմանի մէջ արձանագրուածներուն քուէարկել արտօնող շտապ օրինագիծը օրակարգի վրայ չներառող որեւէ նիստի Լիբանանեան ուժեր-Փաղանգաւոր արգելքի լոյսին տակ մօտ օրէն օրէնսդրական նիստ պիտի չհրաւիրէ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութիւնը շիի երկեակին համար ճակատագրական ճակատամարտ է, եւ զայն թեթեւի պիտի չառնէ: Պայմանաժամը պիտի սպառի, եւ բոլորին պիտի պարտադրէ Լիբանանի մէջ քուէարկել»:
. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «արտասահմանի մէջ, մասնաւորաբար Ափրիկէի, Գերմանիոյ եւ Ամերիկայի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համար արձանագրուող շիիներու նկատառելի թիւը կը նշանակէ, թէ շիիներու կողմէ արձանագրուելուն պոյքոթ չէ եղած, հակառակ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակութեան կողմէ ճնշումին` ապահովելու արտերկրի պլոքի 128 աթոռներու համար քուէարկութիւնը»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «վարչապետ Սալամի` փոփոխութեան երեսփոխաններու եւ «Քուլլունա Իրատա» միութեան աջակցելուն կառչիլը Պըրրիի, Ժոմպլաթի եւ մինչեւ իսկ Ժահժահի մօտ կասկածներ կը յառաջացնէ»:
. ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին. «Եգիպտական դերակատարութիւնը ազդու, աշխուժ, եւ ողջունելի է: Գահիրէն ժրաջան աշխատանք կը տանի Լիբանանին աջակցելու, եւ մենք Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը կը սպասենք իմանալու իրեն հետ բերելիքը, եւ ատոր վրայ հիմնուելու»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Հըզպալլան կ՛օգտագործէ շարք մը ցանցեր, որոնք կը գործեն Լատինական Ամերիկայի, Ափրիկէի, Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ, եւ ամերիկացիները աշխատանք կը տանին զանոնք կազմաքանդելու, թէեւ անոնցմէ ոմանք միայն Հըզպալլայի համար չեն գործեր»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ տուեալներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլային հասնող մեծ գումարները կը նպաստեն ամրապնդելու անոր ուղղակի կերպով առնչուած կուսակցականներու տոկալուն, հակառակ կրճատումներուն, որոնք դիտաւորեալ կերպով կը կիրարկուին իր համակիր զանգուածին դէմ, որ որոշ յուսախաբութիւն կը զգայ»:
. ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ պայմանագրեալ ուսուցիչներու յանձնախումբի նախագահը «Տիար» օրաթերթին. «Մինչեւ այս պահս Պրէօվէի քննութիւնները կատարելու պաշտօնական ու վերջնական որոշում չկայ, եւ այդ հարցը տակաւին նախարարութեան մէջ քննարկումի առարկայ է»:


