Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անսարի Կը Քննարկէ Իրանի Եւ Լիբանանի Միջեւ Երկկողմանի Յարաբերութիւններն Ու Տնտեսական Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Օգոստոս 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ժապեր Անսարին եւ անոր ընկերակցող իրանեան պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, թէ Լիբանան կ՛ողջունէ ի գործ դրուած բոլոր այն ջանքերը, որոնք կը միտին արաբական երկիրներուն ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել:

Նախագահ Աուն ընդգծեց Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով Ասթանայի մէջ կատարուած երկխօսութեան եւ բանակցութեան կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելու իր անշեղ կեցուածքին, ինչպէս նաեւ հեռու կը մնայ արտաքին բախումներէն:

Ան լուսարձակի տակ առաւ լիբանանեան բանակին շուրջ դրսեւորուած ազգային միասնականութիւնը` հաստատելով, որ ահաբեկչութեան դէմ բանակին մղած պատերազմը յաղթանակով պիտի պսակուի` վերջ տալով Լիբանանի արեւելեան եւ հիւսիսային լեռնաշղթաներուն վրայ ահաբեկչութեան գոյութեան:

Նախագահ Աուն դրուատեց Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ այդ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումին:

Ան իր ողջոյնները յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` նախագահական երկրորդ նստաշրջանը ստանձնելուն առիթով:

Նախագահ Աուն խոստացաւ ընդառաջել նախագահ Ռուհանիի կողմէ իրեն յղուած Թեհրան այցելութեան հրաւէրին` դիւանագիտական միջոցներով յստակ թուական մը ճշդելէ ետք:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Անսարին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հիմնական երկու պարտականութիւն ստանձնած է` հետեւելով նախագահ Ռուհանիի ցուցմունքներուն:

Անսարի նշեց, որ առաջին պարտականութիւնը այն է, որ շրջանային մակարդակի վրայ երկիրներու հետ յարաբերութիւնները ընդարձակուին, իսկ երկրորդը շրջանի երկիրներուն հետ տնտեսական յարաբերութիւններու բարելաւումն է:

Անսարի յայտնեց, որ Իրանի նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը ցոյց կու տայ Իրանի համար Լիբանանի ներկայացուցած կարեւորութիւնը` այդ զոյգ պարտականութիւնները գործադրելու իմաստով:

Անսարի նշեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը լաւ առիթ մըն է երկրին ղեկավարներուն եւ հեղինակութիւններուն հետ խորհրդակցելու` երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով:

Ան շեշտեց, որ Իրան Լիբանանը կը նկատէ ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան, հերոսութեան եւ գոյատեւումի ցայտուն օրինակ մը:

«Իսրայէլեան թէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի ցուցաբերած պայքարը հիմնական է եւ շինիչ: Այս առիթով կ՛ուզեմ շնորհաւորել Լիբանանը ահաբեկչութեան դէմ անոր արձանագրած յաջողութիւններուն առիթով, ըլլան անոնք Դիմադրութեան թէ բանակին կողմէ կերտուած յաղթանակներ», ըսաւ ան:

Անսարի շեշտեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը եղած է դրական ու շինիչ, աւելցնելով, որ քննարկած են լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային զարգացումները:

Քլեմանսոյի Մէջ

Երեկոյեան Անսարի այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք Իրան այցելութեան հրաւէր մը չէ ստացած` աւելցնելով, որ նման հրաւէր մը ստանալու պարագային` Թեհրան այցելելու խնդիր չունի:

«Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան իր պայմանները ունի, եւ Իրան այցելութեան հարց չկայ», ըսաւ Ժոմպլաթ` նշելով, որ իրենք երկխօսութեան եւ խորհրդակցութեան ջատագով են:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Անսարիի հետ հանդիպումին ընթացքին կեդրոնացած են երկխօսութեան ճամբով իրանեան-արաբական տարակարծութիւնները լուծելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Ան նշեց, որ Անսարի զօրակցութիւն յայտնած է Լիբանանին` ահաբեկչութեան եւ Իսրայէլի դէմ մղուած պայքարին իմաստով:

Իր կարգին, Անսարի շեշտեց, որ Իրան մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի եղբայր Լիբանանին եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան:

ՆՇԵՆՔ, որ Անսարի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի:

 

 

Նախորդը

Հակառակ Զինադուլի Յայտարարութեան` Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Շարունակուեցան

Յաջորդը

Հանրապետութեան Նախագահը Վաւերացուց Աշխատավարձի Յաւելումներու Եւ Տուրքերու Օրէնքները

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?