Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ վաւերացուց աշխատավարձի յաւելումներու եւ զանոնք ֆինանսաւորելու օրէնքները` ըստ սահմանադրութեան:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Արսալի բնակիչներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրիի, ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահութեան պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Արսալի բնակչութեան կառչած մնալու իրենց հողերուն եւ հոն ապրելու խաղաղութեան ու կայունութեան մթնոլորտի մէջ` վերադառնալով իրենց կեանքի բնականոն վիճակին:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ Արսալի բարձունքներու ազատագրումին` շեշտելով, որ այդ շրջանը ահաբեկիչներէ մաքրագործելէ ետք լիբանանեան պետութիւնը պիտի ընդառաջէ Արսալի բոլոր կարիքներուն` փորձելով վերականգնել ահաբեկչութեան քանդածը:
Իր կարգին, Հուժէյրի ողջունեց նախագահ Աունը` շեշտելով, որ արսալցիները իրենց հողին կառչած կը մնան, ինչպէս նաեւ կը հպարտանան իրենց հանրապետութեան նախագահով, որուն շնորհիւ լիբանանեան դրօշը Արսալի բարձունքներուն վրայ կը ծածանի:
Ան նշեց, որ Արսալի բնակիչները ծանր փորձառութիւն մը ապրած են, սակայն նախագահ Աունի իշխանութեան օրով վայելած են իրենց հողերուն ազատագրումը:
Հուժէյրի մաղթեց, որ լիբանանեան պետութեան գոյութիւնը կը զգացուի Արսալի մէջ` ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ բարգաւաճումը շարունակելու իմաստով:
Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ Ժեզզինի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Խալիլ Հարֆուշ եւ Ժապալ Ռիհանի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Պասեմ Շարաֆէտտին, որոնք հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեցին իրենց շրջաններուն կարիքները:
Նշենք, որ նախագահ Աուն հինգշաբթի, 24 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պէյթէտտինի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան գումարելիք ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 47 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
ՆՇԵՆՔ, որ «Մարքազիէ» լրատու գործակալութեան համաձայն, նախագահ Աուն 25-27 սեպտեմբեր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Փարիզ` ընդառաջելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հրաւէրին:



