Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձանագրուող Իրագործումներուն Եւ Տրուող Խոստումներուն Լոյսին Տակ. Սպասողական Վիճակ` Մէկէ Աւելի Մակարդակներու Վրայ

Օգոստոս 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իշխանութեան ստանձնումէն ի վեր երկրի զանազան մարզերուն մէջ արձանագրուող իրագործումները կամ առնուազն տեղքայլի ու նահանջի բացակայութիւնը խթան կը հանդիսանան վարիչներուն` առաւել վճռակամութեամբ խոստումներ կատարելու նորանոր նուաճումներու եւ բարեփոխումներու գծով:

Այս մթնոլորտին մէջ քաղաքացիները  եւ առհասարակ դէպքերու հոլովոյթին մօտէն հետեւողներ անհամբեր կը սպասեն խոստումներու գործադրութեան եւ բարեփոխումներու յաջողութեան:

Արդարեւ, ապահովական գետնի վրայ երկրի ղեկավարները քայլ առ քայլ կը հետեւին երկրի կայունութեան ամրապնդման ճիգերուն, ուր առանցքային առաջնակարգ կարեւորութիւն ստացած է ահաբեկիչներու երկրէն  «մաքրագործումը»: Սպանիոյ մէջ վերջին 24 ժամերուն պատահած ահաբեկչական արարքները իրենց ժխտական ու մահասփիւռ հետեւանքներով յաւելեալ պատճառ ու խթան կը նկատուին ահաբեկչական խմբաւորումները արմատախիլ ընելու հրամայական պահանջին:

Հոսկէ` Լիբանանի յատկապէս Արսալի բարձունքներուն թէ Ռաս Պաալպեքի եւ Քայի բարձունքներուն մէջ ահաբեկչութեան դէմ մղուող զինուորական թէ քաղաքական պայքարին կարեւորութիւնը:

Այս իմաստով վերջին տեղեկութիւնները «աւետեցին», թէ բանակը ժամ առ ժամ կը խստացնէ միջոցառումները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յատկապէս Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ, ուր երէկ գիշեր օդուժի ուղղաթիռներուն ընկերակցութեամբ  բանակը թիրախ դարձուցած է նշեալ ահաբեկիչներու թաքստոցները` ծանր կորուստներ պատճառելով անոնց Ֆաքհայի եւ Քաայի բարձունքներուն ուղղութեամբ Պեքաայի շրջանին մէջ:  Փաստօրէն, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակման զերօ ժամկէտի նախապատրաստական քայլերու ծիրին մէջ բանակը երէկ շարունակելով գետնի վրայ իր հետազօտութիւնները, Արսալի բարձունքներուն եւ յատկապէս Ուատի Հըմայտի մօտակայքը ահաբեկիչներէն «մաքրագործուած» շրջաններուն մէջ յայտնաբերեց մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք, զորս ահաբեկիչները փախուստի ճամբուն վրայ իրենց ետին ձգած էին: Նոյն իմաստով քաղաքացիք եւ յատկապէս նշեալ շրջաններու բնակիչները իրենց կարգին տենդագին լծուած են «իրենց» նախապատրաստութիւններուն` դիւրացնելու համար բանակի առաքելութիւնը ուտեստեղէնի եւ յարակից կարիքներու հոգացման ու հայթայթման գծով:

Քաղաքական գետնի վրայ, գոհունակութիւն առթող երեւոյթ է իշխանութեան յատկապէս  վերջին 48 ժամերուն ցուցաբերած աչալրջութիւնն ու լայնախոհութիւնը` հարցերը իրենց պարունակէն անդին դիտելու եւ չներքաշուելու երկպառակութեանց թէ երկփեղկումի յանգող ուղիներու մէջ: Այս իմաստով ուշագրաւ էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի վճռակամ կեցուածքը` չհրաժարելու եւ «գործը» շարունակելու, որքան ալ ծանր ու դառն ըլլան խոչընդոտները, ներքին թէ արտաքին ազդակներէ:

Նմանապէս ուշագրաւ էր արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կեցուածքը խնդրայարոյց զգայուն հարցերու գծով, յատկապէս ինչ կը վերաբերի լիբանանցի կարգ մը նախարարներու Դամասկոս այցելութեան առիթով ստեղծուած լարուած տրամադրութիւններուն` «հակադիր» արեւելումի ղեկավարներուն մօտ: Արդարեւ, նախարար Պասիլ հաստատած է իր փափաքը մասնակցելու եւ ներկայ գտնուելու Սուրիոյ միջազգային ցուցահանդէսին, սակայն հրաժարած է մասնակցելէ` նկատի առնելով «լիբանանեան իշխանութեան ամբողջական ու պաշտօնական ընդառաջումի բացակայութիւնը, թէեւ անձնական գետնի վրայ մենք կը մասնակցինք ու կ՛այցելենք մեր ուզած ձեւով»: Նմանապէս, ջրաբաշխումի առնչուած ձեռնարկի մը առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդգծեց, որ ոչ մէկ դժուարութիւն կամ խոչընդոտ կրնայ կասեցնել երկրի բարգաւաճման երթի իրագործման մեր վճռակամութիւնը»:

Դիւանագիտական առումով եւս Լիբանան հանդարտ, բայց վճռակամ կը շարունակէ իր գոյերթը արտաքին հարթակներու եւ յարաբերութեանց ուղիներով: Այս դիտանկիւնէն կարելի է դիտել Իրաքի թէ Սրիլանքայի պատուիրակութեանց ու վաղը նախատեսուող ֆրանսացի ծերակուտական Պուքլի  Լիբանան այցելութիւնն ու խոստմնալից յարաբերութեանց մշակումը: Նոյն ծիրին մէջ, ուշագրաւ էր վերջերս ամերիկացի ծերակուտականներու Լիբանան այցելութիւնն ու շրջագայութիւնը Պեքաայի մէջ տեղակայուած սուրիացի գաղթականներու վրաններուն միջեւ: Այս իմաստով ծագումով լիբանանցի ամերիկացի ծերակուտական Տարին Լահուտ ըսած է. «Ամերիկացիք լաւ չեն ճանչցած Լիբանանը»:

Ընկերային-տնտեսական գետնի վրայ լաւատեղեակ եւ իրազեկ աղբիւրներու կարծիքով նախագահ զօր. Միշել Աուն  մօտերս պիտի ստորագրէ աշխատավարձերու յաւելման օրինագիծը` վստահ ըլլալէ ետք, թէ անոր մէջ կարգ մը բարեփոխումներու առաջարկները արդէն իսկ բանաձեւուած են պատկան մարմինին կողմէ: Իսկ վիճակագրութեանց մասնագէտ Ռապիհ Հապրի գլխաւորած «Լեպանոն ֆայլզ»-ի համաձայն, նախագահ Աուն այսօր, շաբաթ օր պիտի ստորագրէ նշեալ օրինագիծը:

Նոյն ծիրին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կոչը երեսփոխաններուն` յառաջիկայ երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի խորհրդարան վերադառնալու հրատապ օրակարգի կէտերու քննարկման շարունակման գծով` թափ կու տայ աշխատավարձերու օրինագիծի մօտալուտ գործադրութեան, ինչ որ ցուցանիշ է, թէ երկրի ղեկավարները քաղաքացիներէն աւելի նախանձախնդիր ու մտահոգ են հարցերու արագ եւ բարւոք լուծման:

Տնտեսական եւ յատկապէս բարգաւաճման մէկ այլ «աւետիս» մըն է վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարութիւն-խոստումը, թէ կառավարութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ օրական 24 ժամ ելեկտրականութեան հայթայթում ապահովելու քաղաքացիներուն:

Նախորդը

Ռաատ. «Դիմադրութիւնը Ի Սպաս Բանակին Է Եւ Կարելի Չէ Բանակի Ձախողութեան Հաւանականութեան Լուրեր Տարածել»

Յաջորդը

Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?