Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Բանակը Կը Շարունակէ Իր Նախապատրաստութիւնները. Ընկերային Տնտեսական Հարցերը Կ՛արծարծուին Ժողովական Եւ Ժողովրդային Մակարդակներու Վրայ

Օգոստոս 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ շրջանին մէջ ապահովական անկայուն դրութեան, Լիբանան օրըստօրէ կ՛ամրագրէ իր քաղաքական թէ ապահովական անդորրութիւնը, փոփոխութիւն` դրական իրագործումի առաջադրանքով:

Արդարեւ, այն միջոցին, երբ երկիրը տարիներէ ի վեր ապահովական սպառնալիքներու մղձաւանջի մատնած ահաբեկչական խմբաւորումներու նահանջը կը կատարուի, լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ կը շարունակէ իր նախապատրաստական մարտավարական «շարժումները» ահաբեկչական ամէնէն վտանգաւոր խմբաւորումին` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ: Փաստօրէն վերջին օրերուն խստացնելով իր շարժումները, բանակը  հետզհետէ նեղ օղակի մէջ կը շրջափակէ Պեքաայի, Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի մէջ դիրքաւորուած ՏԱՀԵՇ-ի թաքստոցները: Այս գծով  աւելի քան տասնեակ մը ահաբեկիչներ սպաննուած են, ինչպէս կը հաղորդէ պատկերասփիւռի «Մայատին» կայանը: Իսկ լիբանանեան բանակէն քանի մը զինուորներ թեթեւօրէն վիրաւորուած են, եւ անոնց կացութիւնը մտահոգիչ չէ: Երէկ ուշ գիշերին բանակը շարունակեց իր քայլերը եւ ծանր հրետանիով ռմբակոծեց ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումի անդամներուն դիրքերը` Ֆաքիհա դաշտին ուղղութեամբ:

Զուգահեռաբար, շրջանի բնակիչները իրենց կարգին կը զօրակցին բանակին եւ ամէն ձեւով օժանդակելու պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերեն: Այս ծիրին մէջ, անոնք արդէն արեան տուչութեան յատուկ կեդրոններ հաստատած են իրենց յատուկ սարքերով ու կազմածներով: Նմանապէս, բանակայիններուն ուտեստեղէն ապահովելու միջոցներ եւ դասաւորումներ կատարած են` սպասելով զերօ ժամկէտին, որ ըստ «Ժատիտ» կայանին, կը նախատեսուի այս շաբաթավերջին, երբ ահաբեկիչները պիտի մեկնին Ապահովական-զինուորական ճակատի վրայ արձանագրուող այս իրագործումները իրենց դրական արձագանգը կ՛ունենան երկրի բնականոն կեանքի յառաջդիմութեան եւ անդորրութեան ու վստահութեան վերահաստատման առումով` յաչս արտաքին աշխարհին, ինչպէս` զբօսաշրջութեան մարզը, ուր ընթացիկ օգոստոս ամսուան առաջին կիսուն արդէն կէս միլիոն այցելող-ճամբորդ արձանագրուած է Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ: Այս իմաստով օդակայանի պատասխանատուներէն Ֆատի Հասան ապահովական կայունութիւնը զբօսաշրջիկը ներգրաւող հիմնական ազդակ նկատեց` նշելով, որ Ծոցի երկիրներէն զբօսաշրջիկներու ժամանումը 20 առ հարիւր համեմատութեամբ աճ արձանագրած է այս տարի:

Խորհրդարանի Քննարկումները

Երկար ձգձգումէ ետք, վերջապէս խորհրդարանը երէկ սկսաւ ընկերային-տնտեսական ու վարչական հարցերու քննարկման նստաշրջանին: Ընդառաջելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կոչին` երեսփոխանները երէկ կէսօրէ առաջ երկարատեւ քննարկումէ ետք  վաւերացուցին օրակարգի վրայ եղող 28 կէտերէն եօթն, ինչպէս` Քեսրուան – Ժիպէյլի նահանգի հաստատումը Ժունիէ կեդրոնով եւ քրէական օրէնսգիրքի թիւ 522 յօդուածի ջնջումը, ինչ որ այսուհետեւ կ՛արգիլէ բռնաբարող յանցագործին իր զոհին հետ ամուսնութիւնը: Այս գծով կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններու աղբիւրներ դիտել տուին, որ թիւ 505 եւ 518 յօդուածները տակաւին ի զօրու կը մնան եւ բռնաբարող յանցագործը ոչ թէ ներում կը ստանայ իր զոհին հետ ամուսնանալու պարագային, այլ` կը պատժուի բռնաբարումի իր արարքին յանցանքով: Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր գոհունակութիւնը յայտնեց արձանագրուած այս իրագործումին համար` խոստանալով այս ուղղութեամբ յաւելեալ իրագործումներ կատարել կնոջ իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջադրանքով: Այս ծիրին մէջ վարչապետ Հարիրի պատկան կողմերուն թելադրած է յատուկ օրինագիծ պատրաստել թիւ 505 եւ 518 յօդուածներու եւ բարոյական անվայել վերաբերմունքի յատուկ պատժական տնօրինումներու գծով` առ ի քննարկում եւ վաւերացում:

Առկախում Երեկոյեան Նիստի

Սակայն կարելի չեղաւ քննարկումները ամբողջացնել, հակառակ զանոնք երեկոյեան նիստին շարունակելու Նեպիհ Պըրրիի կոչին, եւ այս` մեծամասնութեան չգոյութեան պատճառով: Խորհրդարանի նախագահը «ամօթալի» որակեց այս երեւոյթը, ուր միայն 47 երեսփոխան եւ 13 նախարար ներկայացած էին ժողովին: Մէկ ժամ տեւած քննարկումէ ետք առանց օրինագիծերը կարենալ վաւերացնելու, խորհրդարանի նախագահը առկախեց նիստը` երեսփոխաններուն թելադրելով «ժամադրութիւն չտալ յառաջիկայ  երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերուն համար»:

Մինչ Այդ…

Մինչ այդ, սակայն, խորհրդարանի յատկապէս ցերեկային նիստին զուգահեռ կրթական, ակադեմական, վեթերան զինուորականներու, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու, կնոջական իրաւունքներու պաշտպան եւ այլ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ բողոքի ելոյթներ ունեցան խորհրդարանի մերձակայ թաղամասերուն մէջ` երեսփոխանները աշխատավարձերու յաւելման օրինագիծը վերավաւերացնելու մղելու ակնյայտ փորձով: Սակայն աշխատավարձերու օրինագիծը օրակարգէն դուրս էր` տրուած ըլլալով, որ նախագահ Միշել Աուն տակաւին զայն չէ ստորագրած կամ չէ յղած խորհրդարան` վերատեսութեան համար:

Այս գծով նախքան նիստի բացումը թէ անկէ ետք, քուլիսային մէկէ աւելի խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան խորհրդարանի նախագահին եւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաանի ու Ժորժ Ատուանի միջեւ: Նմանապէս, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ կողմնակի մէկէ աւելի հանդիպումներ ունեցաւ կարգ մը երեսփոխաններու եւ նախարարներու հետ: Իսկ ժողովի աւարտին վարչապետ Սաատ Հարիրի սեղմ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Աւելի ուշ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան խոստացաւ շարունակել ճիգերը վաւերացնելու համար աշխատաւորներու, յատկապէս պետութեան հետ պայմանագրութեամբ աշխատող պաշտօնեաներու աշխատավարձերուն յաւելումները` նշելով, որ այս գծով աշխատավարձերու օրինագիծի բարեփոխման առաջարկները գրեթէ պատրաստ են, սակայն նախ անհրաժեշտ է, որ օրինագիծը ստորագրուի, հրապարակուի եւ խորհրդարան առաքուի (նախագահին կողմէ)` առ ի վաւերացում: Այս իմաստով ազգային լրատուական գործակալութեան աղբիւրներ խիստ հաւանական նկատեցին, որ յառաջիկայ օրերուն եւ նախքան ճշդուած սահմանադրական ժամկէտի աւարտը, նախագահ Աուն ստորագրէ օրինագիծը` միաժամանակ թելադրելով կարգ մը բարեփոխումներ կատարել յատկապէս յաւելումներու հայթայթման գումարը ֆինանսաւորելու կոչուած տուրքերուն գծով:

Ուշագրաւ է, որ նախագահ Միշել Աուն երէկ տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրին ընդունելով անոր յանձնարարեց մօտէն հետեւիլ եւ խստապահանջ ըլլալ աշխատավարձերու մօտալուտ յաւելման առիթէն օգտուելով  ապրանքներու սակագիներու բարձրացման հարցին եւ պաշտպանել սպառողին իրաւունքները:

Նախորդը

Երկրի Վերակառուցման Ու Բարգաւաճման Խթան Հանդիսանալու Իր Ճիգերուն Մէջ. Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Շեշտեց Պարկեշտ Աշխատանքի Հրամայականը

Յաջորդը

Հայաստանի Երեք Լողորդներ Կը Մասնակցին Պատանիներու Աշխարհի Ախոյեանութեան

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?