Լիբանանեան

Անսարի Այցելեց Ֆրենժիէի  Եւ Ռայի Պատրիարքին

Անսարի Այցելեց Ֆրենժիէի Եւ Ռայի Պատրիարքին

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ժապեր Անսարի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի, երէկ շարունակեցին լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ իրենց ունեցած հանդիպումները: Անսարի այցելեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները` շեշտը դնելով սիոնական գոյացութեան եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան սպառնալիքներուն վրայ: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ զոյգ վտանգներուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԱՀԵՇ-ի անդամ պաղեստինցի մը` Մոհամետ Ահմետ Հայէք, հարաւային Լիբանանի մէջ անձնատուր եղած է Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն, որոնք զայն փոխադրեցին Պէյրութ եւ սկսան համապատասխան հարցաքննութեան: Նշենք, որ նախանցեալ օր Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի այլ անդամ մը` սուրիացի Օ. Ք.-ն, որ կը պատրաստուէր բանակին դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը կատարել: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի...

Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ «Բարձունքներու  Արշալոյսը» Գործողութեան Արձանագրած  Յաղթանակին Պաշտօնական Յայտարարութեան

Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ «Բարձունքներու Արշալոյսը» Գործողութեան Արձանագրած Յաղթանակին Պաշտօնական Յայտարարութեան

Հինգերորդ օրն ըլլալով բանակը երէկ շարունակեց Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վերեւ իր սկսած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը, որուն հիմնական նպատակն է արեւելեան լեռնաշղթան վնասազերծել ահաբեկիչներէ: ՏԱՀԵՇ-ի բռնագրաւած բարձունքներուն 100 քառ. քմ-ը ազատագրելէ ետք բանակը երէկ վերադասաւորեց իր դիրքերը, ինչպէս նաեւ շարունակեց վնասազերծել ահաբեկիչներուն պատրաստած ականները: Բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, որ բանակը կը պատրաստուի «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան չորրորդ փուլին` հաստատելով, որ զինուորական...

«Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն  Ազատագրումին Պիտի Յաջորդէ  Այդ Շրջաններուն Բարգաւաճումը»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Ազատագրումին Պիտի Յաջորդէ Այդ Շրջաններուն Բարգաւաճումը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն ազատագրումին պիտի յաջորդէ այդ շրջաններուն բարգաւաճումը, ինչպէս նաեւ վերջին քանի մը տարուան ընթացքին հոն տիրող զարտուղի իրավիճակին վերացումը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այս նպատակով լիբանանեան պետութիւնը 30 միլիոն տոլար տրամադրած է: Ան բարձր գնահատեց այդ շրջաններու բնակիչներուն տոկալու եւ գոյատեւելու կամքը: Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց երեսփոխան...

«Լիբանանի Մէջ Այս Տարուան Զբօսաշրջութեան  Պատկերը Գերազանցած Է  Անցեալ Տարուան Համեմատութիւնը»   Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Լիբանանի Մէջ Այս Տարուան Զբօսաշրջութեան Պատկերը Գերազանցած Է Անցեալ Տարուան Համեմատութիւնը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ այս տարուան զբօսաշրջութեան պատկերը գերազանցած է անցեալ տարուան համեմատութիւնը: Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ յուլիս ամսուան ընթացքին պանդոկներու ապահովումները հասած են 61 առ հարիւրի, իսկ Ատհայի արձակուրդին առիթով պանդոկները ապահովուած են 90 առ հարիւր համեմատութեամբ` լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, իսկ Պէյրութի պանդոկները հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ ապահովուած են: Ա....

Հարիրի – Ժոմպլաթ Սրտերու Լուացում

Հարիրի – Ժոմպլաթ Սրտերու Լուացում

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ իր զաւկին` Թայմուրի եւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հարիրիին իր կատարած այցելութիւնը զարմանալի չէ` աւելցնելով, որ կարգ մը հարցերու մէջ իրենք տարակարծիք էին, եւ պէտք էր անոնց մասին ընդհանուր արժեւորում մը կատարել: «Լսեցինք վարչապետ Հարիրիի մօտեցումները, որոնք քաղաքական առումով կրնան տարբեր...

Անսարի. «Լիբանանի Մէջ Ազգային  Միասնականութեան, Գործակցութեան  Եւ Համախոհութեան Մթնոլորտ Կը Տիրէ»

Անսարի. «Լիբանանի Մէջ Ազգային Միասնականութեան, Գործակցութեան Եւ Համախոհութեան Մթնոլորտ Կը Տիրէ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ժապեր Անսարի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի, երէկ շարունակեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ իր հանդիպումները: Նախանցեալ երեկոյեան Անսարի այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները` ներկայութեամբ նախկին երեսփոխան Պասեմ Սապաայի: Հանդիպումէն ետք Անսարի յայտնեց, որ Իրանի...

Պասիլ Քուէյթի Դեսպանէն  Կը Ստանայ Այլ Նամակ Մը

Պասիլ Քուէյթի Դեսպանէն Կը Ստանայ Այլ Նամակ Մը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց Լիբանան-Քուէյթ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Քանայի յայտնեց, որ Պասիլին ներկայացուցած է Քուէյթի կեցուածքը, որուն մասին ան հասկացողութիւն ցուցաբերած է եւ խոստացած երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերը հետապնդել` յանձնառու մնալով այդ յարաբերութիւններուն հեզասահութեան եւ յաւելեալ ամրապնդումին: Քանայի մաղթեց,...

Ռուսիոյ Մէջ.  Սարրաֆ Շոյկուի Հետ Քննարկեց Շրջանային  Տագնապներուն Լուծումներ  Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

Ռուսիոյ Մէջ. Սարրաֆ Շոյկուի Հետ Քննարկեց Շրջանային Տագնապներուն Լուծումներ Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Ռուսիա, երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ` շնորհաւորելու համար ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաջողութիւնը, ինչպէս նաեւ անկէ իմացաւ բանակին մղած ճակատամարտին մանրամասնութիւնները: Սարրաֆ դրուատեց բանակին ներկայացուցած զոհողութիւնները` ի խնդիր Լիբանանի ազատագրումին, ինչպէս նաեւ զօր. Աունին յայտնեց ռուս պատասխանատուներուն եւ պաշտօնական Մոսկուայի զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին...

Այն Հելուէի Մէջ Զգուշաւոր  Հանդարտութիւնը Կը Մնայ Տիրական

Այն Հելուէի Մէջ Զգուշաւոր Հանդարտութիւնը Կը Մնայ Տիրական

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ նախանցեալ գիշեր սաստկացած զինեալ բախումները շարունակուեցան մինչեւ երէկ կէսօր: Այն Հելուէէն արձակազէններ թիրախ դարձուցին Սայտայի սերային դիմաց գտնուող երեք քաղաքայիններ եւ վիրաւորեցին զանոնք: Տիրող կացութեան պատճառով Սայտայի սերայը փակուեցաւ, մինչ զինեալ բախումները շարունակուեցան` յաւելեալ քանդումներ պատճառելով Թիրի շրջանին: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Սայտայի պաղեստինեան ուժերուն եւ խմբաւորումներուն քաղաքական ղեկավարութիւնը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդին համաձայն, Ատհայի տօնին առաջին օրը կը զուգադիպի 1 սեպտեմբեր 2017-ին: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին ճառ մը պիտի արտասանէ: ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ հոգեւորականներու համաշխարհային համադաշնակցութեան նախագահ շէյխ Մահեր Համմուտ շեշտեց, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը պէտք չէ ամբաստանել ահաբեկչութիւն արտադրելու յանցանքով: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ հակառակ սուրիական բանակին հետ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան, Լիբանանի...

Բանակը Ազատագրած Է 100 Քառ. Քմ Տարածք Մը  Եւ Ջախջախիչ Պարտութեան Մատնած Տահեշը.  Յայտարարուելիք Ամբողջական Յաղթանակը Մօտալուտ Է

Բանակը Ազատագրած Է 100 Քառ. Քմ Տարածք Մը Եւ Ջախջախիչ Պարտութեան Մատնած Տահեշը. Յայտարարուելիք Ամբողջական Յաղթանակը Մօտալուտ Է

«Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան երրորդ փուլը սկսաւ երէկ առաւօտեան ժամը 5:45-ին, երբ լիբանանեան բանակը սկսաւ բուռն կերպով ռմբակոծել Ռաս Էլ Քաֆի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ բանակին մղած բուռն կռիւին շնորհիւ կարելի եղաւ ազատագրել Թալլեթ Քահըֆը, Ուատի Քէյֆը եւ Ռաս էլ Քաֆը, որ ռազմավարական կարեւոր դիրք մը կը նկատուի: Տհուրի Քահըֆի բարձունքին վրայ լիբանանեան բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի...

Հանրապետութեան Նախագահը  Ընդունեց Ալլաուին

Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունեց Ալլաուին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրաքի փոխնախագահ Այատ Ալլաուին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան-իրաքեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի` աւելցնելով, որ իրենք ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարին պիտի յաղթեն: Իր կարգին, Ալլաուի ընդգծեց, որ Իրաք կը զօրակցի Լիբանանին` ահաբեկչութեան...

Կառավարութեան Հարցապնդման  Խորհրդարանի Լիագումար Նիստ

Կառավարութեան Հարցապնդման Խորհրդարանի Լիագումար Նիստ

Խորհրդարանը երէկ գումարեց կառավարութեան հարցապնդումի նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու կառավարութեան: Նախքան խորհրդարանի լիագումար նիստը, Պըրրի դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի հետ: Կառավարութեան քաղաքականութիւնը քննարկելու միտումով հրաւիրուած խորհրդարանի Ա. նիստը սկսաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին: Նիստին սկիզբը խօսք առաւ վարչապետ Հարիրի, որ ողջունեց բանակը, անոր...

Անսարի Այցելեց Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Ընդունեց Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն Մէկ Պատուիրակութիւնը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ժապեր Անսարին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը: Միւս կողմէ, Անսարի իրանեան դեսպանատան մէջ ընդունեց լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն...

«Կ՛աղօթենք, Որ Բանակն Ու Ապահովութեան  Ուժերը Յաղթեն Ահաբեկչութեան»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Կ՛աղօթենք, Որ Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Յաղթեն Ահաբեկչութեան» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Պետական անվտանգութեան ուժերու սպաներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը դրուատեց ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին դերակատարութիւնը` անոնց մաղթելով յաջողութիւն` երկրին պաշտպանութեան եւ ապահովական կայունութեան պահպանումին առումով: «Կ՛աղօթենք, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը յաղթեն ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:  

«Պետական Ամավարկի Վաւերացումը  Պէտք Է Արագացնել»  Շեշտեց Տիպ

«Պետական Ամավարկի Վաւերացումը Պէտք Է Արագացնել» Շեշտեց Տիպ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի անդամ երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ Սուրիա այցելած նախարարներուն մասին իրենց կեցուածքը այն է, թէ Լիբանանը եւ Սուրիան դրացի երկիրներ են եւ երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններն ու համաձայնութիւնները պէտք է յարգուին` իրականացնելու համար փոխադարձ շահերը: Տիպ կոչ ուղղեց քաղաքական...

Լինօ. «ՏԱՀԵՇ Մաուլաուիին Հրահանգեց  Ռմբակոծել Այն Հելուէի  Շուրջ Գտնուող Բանակին Կեդրոնները»

Լինօ. «ՏԱՀԵՇ Մաուլաուիին Հրահանգեց Ռմբակոծել Այն Հելուէի Շուրջ Գտնուող Բանակին Կեդրոնները»

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի Ֆաթհի զինուորական թեւի պատասխանատու Մահմուտ Իսա (ծանօթ` «Լինօ» կեղծանունով) յայտնեց, որ Այն Հելուէի մէջ գտնուող ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուի եւ անոր զինեալները ՏԱՀԵՇ-էն հրահանգներ ստացած են ռմբակոծելու գաղթակայանին շուրջ գտնուող լիբանանեան բանակի կեդրոնները` իբրեւ հակազդեցութիւն Ռաս Պաալպեքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ընթացող մարտերուն: Պաղեստինեան աղբիւրներու համաձայն, Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները ազատագրելէ ետք, լիբանանեան բանակը հաւատադրժողական ահաբեկչութենէ պիտի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շուտափոյթ Ապաքինում Կը Մաղթէ Լիբանանեան Բանակի Վիրաւոր Զինուորներուն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շուտափոյթ Ապաքինում Կը Մաղթէ Լիբանանեան Բանակի Վիրաւոր Զինուորներուն

Երէկ առաւօտեան, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի  տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ վեհափառ հայրապետի գաւազանակիր Արտաւազդ աբղյ. Շարոյեան, այցելութիւն տուին ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներուն դէմ մղուած ճակատամարտին ընթացքին լիբանանեան բանակի վիրաւորուած զինուորներուն: Հայր սուրբերը աղօթեցին եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին անոնց:

Բանակին Սանձազերծած «Բարձունքներու  Արշալոյսը» Գործողութիւնը Կը Շարունակուի  Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Վրայ

Բանակին Սանձազերծած «Բարձունքներու Արշալոյսը» Գործողութիւնը Կը Շարունակուի Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Վրայ

Լիբանանեան բանակը երրորդ օրն ըլլալով Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ շարունակեց իր սանձազերծած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը: Լիբանանեան բանակը իր երրորդ օրուան աշխատանքը կեդրոնացուց ականներու վնասազերծումին եւ ազատագրուած տարածքները ականներէ մաքրագործելու վրայ: Հաւանաբար այս աշխատանքը նախապատրաստութիւն էր բանակին իրականացնելիք գործողութեան երրորդ փուլին, որուն շնորհիւ ՏԱՀԵՇ-ի վերջին անդամը պիտի սպաննուի կամ դուրս շպրտուի Լիբանանի սահմաններէն: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան բանակին գործողութիւններուն...

Page 712 of 987 1 … 711 712 713 … 987

Արխիւներ