Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի 59-րդ Միջազգային Ցուցահանդէսին Առիթով. Լիբանանցի Նախարարներ Կը Շարունակեն Իրենց Տեսակցութիւնները Դամասկոսի Մէջ

Օգոստոս 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սուրիա իր տագնապի աւարտէն քանի մը քայլ միայն հեռու է եւ սուրիական կառավարութեան հետ յարաբերութիւն մշակելը բնական երեւոյթ է ու կը ծառայէ ի շահ եւ յօգուտ Լիբանանի ու Սուրիոյ», յայտարարեց հանրօգուտ շինութեանց նախարար Եուսեֆ Ֆինիանոս երէկ նախարարաց խորհուրդի նիստէն բաժնուելով դէպի լիբանանեւսուրիական Ժտայտաթ Եապուս սահմանագիծ: Ան յայտնեց, որ Դամասկոսի 59-րդ միջազգային ցուցահանդէսին իր ներկայութենէն օգտուելով մէկէ աւելի հանդիպումներու պիտի ձեռնարկէ Սուրիոյ զանազան մարզերու պատկան նախարարներուն եւ պատասխանատուներուն հետ:

Նախարար Ֆինիանոսի այս յայտարարութիւնը կու գար Դամասկոսի 59-րդ միջազգային ցուցահանդէսին առիթով, որ սուրիական պատերազմին պատճառով հնգամեայ ակամայ դադարէ ետք կը վերսկսէր, աւելի քան քառասուն երկիրներու եւ տնտեսական ու ճարտարարուեստական ընկերութեանց ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Նշենք, որ նախքան իր մեկնումը, նախարար Ֆինիանոսի եւ երեսփոխան Օքապ Սաքրի միջեւ  ծագած էր ծանր բանավէճ մը, որուն ընթացքին նախարար Ֆինիանոս «խոստացած էր նախագահ Պաշշար Ասատի նկարը նուէր բերել վարչապետ Սաատ Հարիրիին»: Սակայն հարցը իր սաղմին մէջ հարթուած էր, երբ կարգ մը միջամտութիւններու եւ բարեխօսութիւններու շնորհիւ նախարար Ֆինիանոս յետս կոչած ու ջնջած էր իր նշեալ յայտարարութիւնը: Իսկ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, որուն միջոցով նշեալ «խոստումը» փոխանցած էր նախարար Ֆինիանոս` փութաց հերքելու, թէ նախարար Ֆինիանոս «նման բան խոստացած է իրեն»:

Արդարեւ, դէպի Սուրիա կատարուած այս այցելութիւնը որոշ լարուածութիւն ստեղծած էր երկրի քաղաքական տարբեր արեւելումի պատասխանատուներուն միջեւ: Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր իրենց կարգին նախանցեալ օր դէպի Դամասկոս իրենց մեկնումի պահուն շեշտած էին Սուրիոյ հետ բարի դրացնութեան կապերու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը: Երէկ եւս տեսակցելով սուրիացի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ, անոնք վերահաստատեցին «Սուրիոյ հետ գործակցութեան եւ կնքուած համաձայնագիրներու կիրարկման անհրաժեշտութիւնը»:

Այս իմաստով Սուրիոյ բարձրաստիճան պատասխանատուներն ու վարչապետը բարձր գնահատած են լիբանանցի նախարարներու այցելութիւնը: Այս ծիրին մէջ տեղեկացուեցաւ, թէ Սուրիա խոստացած է յաւելեալ 500 մեկաուաթ ուժանիւթ տրամադրել Լիբանանի, նաւերու առաջարկած սակագինէն աւելի նուազ եւ նպաստաւոր  գիներով:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Դժգոհ Է

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Պահանջեց Զօրակցիլ Լիբանանեան Բանակին

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?