Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Օրըստօրէ Կը Վերամրագրէ Իր Վարկն Ու Դիրքը Ներքին Թէ Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

Օգոստոս 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Միշել Աուն` նախանձախնդիր իր սահմանադրական երդումին, ճիգ չի խնայեր հարթելու խնդրայարոյց հարցերն ու վերամրագրելու Լիբանանի վարկն ու դիրքը յաչս արտաքին աշխարհին թէ տակաւին Լիբանանի «յարութեան» գծով կասկածող երկրի ներքին թերահաւատներուն:

Այս իմաստով նախագահ Աուն ՄԱԿ-ի մէջ պիտի արծարծէ Լիբանանը յուզող հրատապ հարցերը, որոնց շարքին նախ եւ առաջ` գաղթականներու հարցն ու ահաբեկչութեան սպառնալիքը: Ան միջազգային ընտանիքէն պիտի պահանջէ օգնել Լիբանանին` վերագտնելու իր անդորրութիւնն ու  վերադառնալու իր բնականոն կեանքին:

Նոյն ծիրին մէջ նախագահ Աուն այս շաբաթավերջին պիտի ընդունի ֆրանսական ծերակոյտի անդամ, նախկին նախարար Ժան Մարի Պուքլը, որ հիմնականին մէջ պիտի արծարծէ գաղթականներու եւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն հարցը:

Ներքին ճակատի վրայ նոյնպէս նախագահ Աուն նախանձախնդիր է անձամբ հետապնդելու առկախ թէ խնդրայարոյց հարցերը եւ այս իմաստով ան չի վարանիր իր ցուցմունքներն ու թելադրանքները կատարելու պատկան պատասխանատուներուն, որքան ալ քաղաքացիներու առօրեային սերտօրէն առնչուին այդ հարցերը թէ երկրի բարգաւաճման ծառայեն: Նախագահ Աունի` տնտեսութեան նախարարին տուած յանձնարարականը` մօտէն հետեւելու եւ կանխարգիլելու սպառողի իրաւունքներու չարաշահումը, ինքնին պարզ ցուցանիշ մըն է այս իմաստով:

Նաեւ զինուորական գետնի վրայ նախագահ Աուն մնայուն կապի մէջ է ապահովական պատկան մարմիններու պատասխանատուներուն հետ, քայլ առ քայլ հետեւելով երկրի ապահովական կացութեան, յատկապէս Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն մէջ ապաստանած ահաբեկիչներու հետապնդման աշխատանքներուն: Այս իմաստով վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, բանակը զգալի յառաջդիմութիւն արձանագրած է նուազագոյն վնասներով առաւելագոյն հարուած հասցնելով ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն` զգետնելով անոնցմէ առնուազն վեց հոգի:

Այս յանձնառութեամբ նախագահ Միշել Աուն երէկ նախագահեց նախարարաց խորհուրդի նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ նախարարներուն:

Այս առիթով նախագահ Աուն ողջունելով նախարարները անոնց ներկայացուց նախանցեալ օր կարգ մը ջրամբարներու տուած իր այցելութիւնը` շեշտելով անոնց կարեւորութիւնը երկրի բարգաւաճման առումով զանազան մարզերու մէջ, ինչպէս` երկրագործութեան, ելեկտրուժի հայթայթման եւ այլն:

Նախագահ Աուն նախարարներէն պահանջեց, որ իւրաքանչիւրը մշակէ իր ստանձնած նախարարութեան յատուկ յարմարագոյն ծրագիրը եւ կիրարկէ զայն ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին: Նմանապէս, նախագահ Աուն պատշաճ ցուցմունքներ տուաւ կրթական մարզին գծով, յատկապէս դպրոցական վերամուտի նախապատրաստական այս շրջանին: Ան նաեւ թելադրեց զօրավիգ կանգնիլ բանակին, որ գերագոյն զոհաբերութեան գնով լծուած է հայրենիքի պաշտպանութեան:

Իր կարգին, վարչապետ Սաատ Հարիրի նախքան կառավարութեան նիստին սկսիլը ողջունեց նախարարները եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց ցարդ իրագործուած դրական քայլերուն համար, ինչպէս` սեփական եւ պետական մարզերու միջեւ համագործակցութեան ու բաժնեկցութեան սկզբունքի որդեգրումը եւ այլն: Վարչապետը վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը համերաշխօրէն հարթելու բոլոր խոչընդոտները եւ առիթ չտալու «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ փորձողներուն»:  Այս ծիրին մէջ վարչապետ Հարիրի երէկ նախարարաց խորհուրդի նիստին զուգահեռ թելադրեց նախարարներ Սելիմ Ժրայսաթիին եւ Մլհեմ Ռիաշիին ` ամէն ձեւով առաջքն առնելու խնդրայարոյց հարցերու բարդացման հաւանականութիւններուն: Ասիկա յայտնապէս կ՛առնչուէր նիստի ընթացքին կարգ մը նախարարներու միջեւ ծագած բանավէճին, որուն գծով վարչապետը չվարանեցաւ «կրակմար»-ի դեր կատարելու, նախքան որ անիկա բարդանայ եւ տեղի տայ կառավարութեան «փլուզումին» վերաբերեալ կարգ մը նախատեսումներուն իրականացման:

Նախարարաց խորհուրդը իր կարգին քննարկեց օրակարգի 66 կէտերը` համապատասխան լուծումներ եւ դասաւորումներ առաջադրելով:

Հիմնականին մէջ կառավարութիւնը, ընդառաջելով ուժանիւթի նախարար Սեզար Ապի Խալիլի առաջարկին, չեղեալ նկատեց ելեկտրականութեան հայթայթման գծով նախապէս ներկայացուած թրքական «Քարատենիզ» ընկերութեան եւ յարակից քայլերու առնչուող մէկ համաձայնագիրը: Ժողովականները որոշեցին այս գծով նոր համաձայնագիր պատրաստել` նոր չափանիշներով ու պայմաններով:

Նիստի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի լրագրողներուն ներկայացուց քննարկումներուն արդիւնքները եւ վարչական կարգ մը տնօրինումները, զորս կառավարութիւնը վաւերացուցած է յատկապէս առաջին կարգի պաշտօնատարներու նշանակման  գծով:

Նախորդը

Պաղեստինեան Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ Պայթիւնավտանգ Կացութիւն

Յաջորդը

Պոլթ Կը Խաղայ Եունայթըտի Վեթերաններու Հետ Պարսելոնայի Դէմ

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?