Ապահովական ուժեր երէկ հրապարակեցին երկու կասկածելի «հնագէտներու» պատկերները, որոնք վերջերս լծուած էին տենդագին պեղումներ կատարելու աշխատանքին` Ժեզզինի շրջանին մէջ, հնագիտական արժէքաւոր յայտնաբերումներու թէ իրեղէններու փնտռտուքով:
Ապահովական ուժերու հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն որեւէ տեղեկութեան պարագային կապ պահելու հեռաձայնի հետեւեալ թիւին. 780089/05 խոստանալով չբացայայտել տեղեկութիւնը հաղորդողին ինքնութիւնը: