Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Հարցապնդման Խորհրդարանի Լիագումար Նիստ

Օգոստոս 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ գումարեց կառավարութեան հարցապնդումի նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու կառավարութեան:

Նախքան խորհրդարանի լիագումար նիստը, Պըրրի դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի հետ:

Կառավարութեան քաղաքականութիւնը քննարկելու միտումով հրաւիրուած խորհրդարանի Ա. նիստը սկսաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին:

Նիստին սկիզբը խօսք առաւ վարչապետ Հարիրի, որ ողջունեց բանակը, անոր հրամանատարութիւնը, սպաներն ու զինուորները` աւելցնելով, որ ինք կը խոնարհի նահատակներուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն զոհողութիւններուն դիմաց:

Հարիրի նշեց, որ իրենք եւս կը սպասեն առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրի բացայայտումին:

«Բանակի հերոսներուն արեամբ արձանագրուող այս նուաճումը հայրենիքին եւ մեզի համար ամէնէն թանկագինն է. անիկա ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի լայն խորագիրն է: Եթէ երկրին ապահովական կայունութիւնը արդիւնք է քաղաքական կայունութեան, ապա կառավարութիւնը զոյգ ուղղութիւններով գործեց: Իսկ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կատարած յայտարարութիւնները` Աւստրալիայէն Ապու Տապի փոխադրուող իմարաթական օդանաւ մը ահաբեկչութենէ փրկելու իմաստով, կը փաստեն լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն տարած պարկեշտ ու կարեւոր աշխատանքը», ըսաւ ան:

Հարիրի ողջունեց ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը` հաստատելով, որ հաղորդակցութիւնը դրական է եւ անիկա կ՛օժանդակէ Լիբանանը պահպանելու ահաբեկչական սպառնալիքներէն:

Ապա ան ամփոփ տեղեկագիր մը ներկայացուց կառավարութեան գործունէութեան մասին` հաստատելով, որ կառավարութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարէ ընտրական նոր օրէնքին համաձայն, ապահովական կայուն մթնոլորտի մէջ եւ թափանցիկութեամբ:

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ, որ յայտնեց, թէ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ բանակին իրագործած ազատագրական գործողութիւնը կառավարութեան կը պարտինք` նկատի ունենալով, որ ան քաղաքական հովանաւորութիւն ապահոված է բանակին` ահաբեկչութեան դէմ կռուելու իմաստով:

Ղանեմ յայտնեց, որ երկրին տնտեսական իրավիճակին մասին բոլոր տուեալները մտահոգիչ են:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ ողջունեց բանակն ու անոր հրամանատարութիւնը` Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան ահաբեկչութեան լուծէն ազատագրելու առիթով:

Միքաթի մտահոգութիւն յայտնեց` նշելով, որ ընտրական նոր օրէնքը առիթ չի տար քուէներու հաշուարկը ճշգրիտ կերպով կատարելու:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա մաղթեց, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը ըլլայ նաեւ երկրին ամբողջ տարածքին լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը պարտադրելու արշալոյսը:

Զահրա յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը տակաւին չէ վերականգնած` աւելցնելով, որ լիբանանցիները հասած են կառավարութիւնը նախատելու փուլին:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա ողջունեց բանակն ու անոր նահատակներուն յիշատակը` ընդգծելով ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ արձանագրելու անհրաժեշտութիւնը:

Ֆատլալլա դրուատեց ընտրական ու աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքներուն վաւերացումը` աւելցնելով, որ փտածութեան վերաբերող թղթածրարներու արծարծումը վստահութիւնը խոցելի չի դարձներ, այլ` հաշուետուութեան չկանչելն ու անտարբեր մնալը` կը խախտեն վստահութիւնը:

Ան նշեց, որ հաղորդակցութեան մարզին մէջ նախարարներու եւ պետական հաստատութիւններու պարտքերը կը հասնին 700 միլիառ լ. ոսկիի, իսկ կայ 450 միլիառ լ. ոսկիի պարտք մը` չգործող հեռաձայնային գիծերու պարագային:

Ան մաղթեց, որ այս թղթածրարները լուծուին եւ մսխումին վերջ մը դրուի:

Երեսփոխան Ալի Մըքտատ շեշտեց, որ արեւմտեան Պաալպեքի գիւղաքաղաքները կը տառապին ըմպելի ջուրի չգոյութենէ` աւելցնելով, որ ըմպելի ջուրը այդ շրջանները չի հասնիր ոտնձգութիւններու պատճառով:

Մըքտատ կառավարութենէն պահանջեց անմիջապէս լուծել այդ հարցը:

Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն միջեւ զինուորական համադրումին շնորհիւ է, որ արեւելեան բարձունքները ազատագրելու ճակատամարտը յաղթական դուրս կու գայ:

Ան ողջունեց լիբանանեան ու սուրիական բանակները, եւ պահանջեց կառուցել Ասի գետին ջրամբարը` ոռոգելու համար Պաալպեք-Հերմել շրջաններուն դաշտերը:

Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին զինումը առաջնահերթութիւն է` անոր արձանագրած հերոսութիւններուն շրջագիծին մէջ:

Ան հարց տուաւ, թէ 2015-էն ի վեր բանակը զինելու իմաստով վաւերացուած օրէնքը ինչո՞ւ տակաւին չէ գործադրուած:

Քանաան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն միասնական գտնուելու եւ ողջունելու Լիբանանի ազատագրումին ի խնդիր զոհուած բոլոր նահատակներուն յիշատակը:

Քանաան ողջունեց կառավարութիւնը` պետական ամավարկը վաւերացնելուն համար:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ բանակը կարողութիւն ունի երաշխաւորելու բոլոր լիբանանցիներուն ապահովութիւնը: «Բանակին զօրակցելու իմաստով պաշտպանութեան նախարարութեան եւ կառավարութեան որոշումը նախապէս ո՞ւր էր», հարց տուաւ Ժեմայէլ:

Ան յայտնեց, որ լիբանանցիները կառավարութեան կատարած ոչ մէկ աշխատանքով համոզուած են:

Նշենք, որ Ժեմայէլ իր խօսքը սկսած պահուն վարչապետ Հարիրի դուրս եկաւ դահլիճէն:

Երեսփոխան Պիլալ Ֆարհաթ կոչ ուղղեց կառավարութեան պետական ամավարկին մէջ նկատի ունենալու 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն տուժած քաղաքացիներուն հատուցումները, որպէսզի կարելի ըլլայ փակել այդ թղթածրարը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ կոչ ուղղեց գործակցելու սուրիական կառավարութեան հետ` լիբանանեան երկրագործական արտադրութիւնը արտածելու նպատակով:

Ան ողջունեց բանակին եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն պայքարը ահաբեկչութեան դէմ` հաստատելով, որ անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն` երկիրը ահաբեկչութենէ ազատագրելու եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ ողջունեց բանակը, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիին արժանապատուութիւնը պաշտպանելու կռիւ կը մղէ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ամմար շեշտեց, որ երկրին արեւելեան լեռնաշղթան բանակին, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան արիւնով շաղախուելէ ետք անկարելի է բառեր արտասանել:

«Թէեւ երկրին մէջ ելեկտրականութեան, ջուրին եւ աշխատանքի առիթներուն մահը կարելի է գուժել, սակայն արդար եւ ողջմիտ ըլլալու համար կ՛ողջունեմ կառավարութիւնն ու հանրապետութեան նախագահը, որոնք ահաբեկչութեան դէմ զինուորական գործողութեան սկսելու քաղաքական որոշումը տուին», շեշտեց ան:

Կառավարութեան հարցապնդումի Ա. նիստը աւարտեցաւ յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին:

Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց Բ. նիստի մը` երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

Երեկոյեան նիստին ընթացքին Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց կառավարութեան ծխախոտի ցանքին նկատմամբ խնամք ցուցաբերելու, որովհետեւ անիկա պետական գանձարկղին համար կրնայ շահաբեր ըլլալ:

Պեզզի անդրադարձաւ նաեւ նաւթի թղթածրարին` անհրաժեշտ նկատելով նաւթի արտահանումին սկսիլը:

Իր կարգին, երեսփոխան Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններ չկազմակերպելու պարագային կառավարութիւնը սահմանադրական խախտում գործած կ՛ըլլայ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ քաղաքական համախոհութեան շնորհիւ կարելի եղաւ Լիբանանի բարձունքները ազատագրելու որոշում տալ:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ ողջունեց լիբանանեան բանակը եւ գուժեց բանակի զինուորներուն ու Դիմադրութեան մարտիկներուն նահատակութիւնը` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն: «Անհամբեր կը սպասենք յաղթանակին եւ առեւանգուած բանակայիններուն վայրը գիտնալու», ըսաւ ան:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կառավարութենէն եւ կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպէն պահանջեց Իքլիմ Խարրուպի աղբի տագնապը լուծել:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր ողջունեց լիբանանեան բանակը` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իր մղած պատերազմին շրջագիծին մէջ:

Մուխայպեր պահանջեց խորհրդարանի լիագումար նիստեր գումարել յատուկ հարցերու եւ թղթածրարներու շուրջ:

Նիստին աւարտին վարչապետ Հարիրի ներկայացուց երեսփոխաններուն ուղղած հարցումներուն համար կառավարութեան ճշդած պատասխանները:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի բարձունքներուն վրայ կատարուածը կառավարութեան, պետութեան եւ բանակին դերակատարութեան նկատմամբ մեծագոյն վստահութիւնն է:

Հարիրի նշեց, որ բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւնները նուազուրդի ենթարկելու նոր պայմանագիրներ կը պատրաստուին, որպէսզի հաղորդակցութեան մարզէն պետութեան շահերը աճ արձանագրեն:

Անդրադառնալով պետական հաստատութիւններն ու գրասենեակները պահելու համար սուղ վարձքեր վճարելու եւ ատիկա օրինականացուած մսխում նկատելու դիտողութեան` Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը ջանայ իր բոլոր գրասենեակները կեդրոնացնել Պէյրութի մէջ գտնուող կառավարական շէնքերուն մէջ:

Ելեկտրականութեան թղթածրարին մասին Հարիրի ըսաւ, որ թէեւ այդ թղթածրարին լուծումը ապահովելու իմաստով կառավարութիւնը ուշացած է, սակայն մինչեւ յստակ լուծումներու եւ ծրագիրներու յանգիլը, լիբանանեան պետութեան համար ձեռնտու է ելեկտրականութիւն արտադրող նաւեր վարձելու լուծումը` նկատի ունենալով, որ այդ միջոցով պետական գանձարկղը կը խնայէ յաւելեալ ծախսեր:

Փտածութեան մասին արտայայտութիւններուն ակնարկելով` Հարիրի շեշտեց, որ այդ մասին խօսելու համար պէտք է ներկայանալ Դատական իշխանութիւններուն եւ յստակ անուններով ու փաստերով ներկայացնել հարցերը` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ ժողովրդականութիւն շահելու նպատակով կատարուած փտածութեան ամբաստանութիւնները:

 

 

Նախորդը

Անսարի Այցելեց Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Ընդունեց Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունեց Ալլաուին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?