Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ժապեր Անսարի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի, երէկ շարունակեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ իր հանդիպումները:
Նախանցեալ երեկոյեան Անսարի այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները` ներկայութեամբ նախկին երեսփոխան Պասեմ Սապաայի:
Հանդիպումէն ետք Անսարի յայտնեց, որ Իրանի նոր կառավարութեան կազմութենէն ի վեր ինք երկրորդ անգամն է, որ կ՛այցելէ վարչապետ Հարիրիին` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումը եղած է շինիչ:
Անսարի նշեց, որ ինք վարչապետին յայտնած է Իրանի զօրակցութիւնը Լիբանանին` հաստատելով, որ Թեհրան ճիգ չի խնայեր երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու` քաղաքական թէ տնտեսական մակարդակներուն վրայ:
Անսարի նշեց, որ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններուն ամրապնդումը դրական պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն համար:
Անսարի բարձր գնահատեց լիբանանեան բարձունքները ահաբեկչութեան լուծէն ազատագրելու իմաստով լիբանանեան բանակին մղած ճակատամարտը եւ շնորհաւորեց զայն իր արձանագրած նուաճումներուն համար:
Սուրիոյ տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Անսարի յայտնեց, որ ինք եւ վարչապետ Հարիրի համակարծիք եղած են այդ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու անհրաժեշտութեան շուրջ:
Անսարի, ընկերակցութեամբ իրանեան պատուիրակութեան, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտեց իսկական գործակցութեան իմաստը պարզաբանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ գործակցութիւնը պէտք է իրականանայ, առանց ճնշում բանեցնելու կամ յաւելեալ թելադրանքի:
Ժեմայէլ հաստատեց, որ գործակցութիւնը պէտք է արձանագրուի պետական ու օրինական հաստատութիւններուն ընդմէջէն:
Անսարի այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դէմ մղուած համաշխարհային պատերազմին դէմ Դիմադրութեան առանցքին արձանագրած յաղթանակը:
Անսարի այցելեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, որ հաստատեց, թէ Իրան աշխարհի իսլամներուն գոյատեւման երաշխիքն ու փրկութեան լաստն է:
Իր կարգին, Անսարի շեշտեց, որ իսլամական աշխարհը տակաւին կարիքը ունի ներշնչուելու անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի լուսաւոր միտքէն եւ գործելու անոր ոգիով:
Իրանցի պատասխանատուն այցելեց նաեւ Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, որուն հետ հանդիպումէն ետք ընդգծեց, թէ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան, գործակցութեան եւ համախոհութեան մթնոլորտ կը տիրէ: