Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Պետական անվտանգութեան ուժերու սպաներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը դրուատեց ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին դերակատարութիւնը` անոնց մաղթելով յաջողութիւն` երկրին պաշտպանութեան եւ ապահովական կայունութեան պահպանումին առումով:
«Կ՛աղօթենք, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը յաղթեն ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան», շեշտեց Ռայի պատրիարքը: