Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Մէջ. Սարրաֆ Շոյկուի Հետ Քննարկեց Շրջանային Տագնապներուն Լուծումներ Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

August 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Ռուսիա, երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ` շնորհաւորելու համար ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաջողութիւնը, ինչպէս նաեւ անկէ իմացաւ բանակին մղած ճակատամարտին մանրամասնութիւնները:

Սարրաֆ դրուատեց բանակին ներկայացուցած զոհողութիւնները` ի խնդիր Լիբանանի ազատագրումին, ինչպէս նաեւ զօր. Աունին յայտնեց ռուս պատասխանատուներուն եւ պաշտօնական Մոսկուայի զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին նկատմամբ:

Միւս կողմէ, Սարրաֆ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակիցին Սերկէյ Շոյկուի հետ` ներկայութեամբ լիբանանեան եւ ռուսական պատուիրակութիւններուն:

Հանդիպումին ընթացքին Շոյկու դրուատեց լիբանանեան բանակին արձանագրած նուաճումները` Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ անոր մղած պայքարին առիթով, ընդգծելով, որ այդ կազմակերպութիւններուն երկրէ երկիր փոխադրութեան պէտք է վերջ տալ:

Շոյկու հաստատեց նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ճիգերը մէկտեղելու եւ աշխուժ կերպով համագործակցելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Սարրաֆ ընդգծեց շրջանային տագնապներուն լուծումներ գտնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան անդրադարձաւ ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին սանձազերծած պատերազմին` ընդգծելով Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքները:

Սարրաֆ նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայինները լիբանանեան պետութեան եւ բանակի հրամանատարութեան համար առաջնահերթութիւն կը նկատուին, պահանջելով աջակցիլ Լիբանանին` բանակայիններուն, Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն եւ նկարիչ Սամիր Քասսապի ճակատագիրը բացայայտելու:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանին տրամադրուելիք ռուսական զինուորական օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Ապա Սարրաֆ շրջեցաւ զինուորական ցուցահանդէսի սրահը` ծանօթանալով ռուսական արտադրութեամբ արդի զէնքերուն եւ զինուորական այլ սարքերու:

Նշենք, որ լիբանանեան-ռուսական միացեալ յանձնախումբը սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին իր նիստերը պիտի գումարէ Պէյրութի մէջ` քննարկելու համար յառաջիկայ տարուան զինուորական գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Նախորդը

Այն Հելուէի Մէջ Զգուշաւոր Հանդարտութիւնը Կը Մնայ Տիրական

Յաջորդը

Պասիլ Քուէյթի Դեսպանէն Կը Ստանայ Այլ Նամակ Մը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.