Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 25, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱՀԵՇ-ի անդամ պաղեստինցի մը` Մոհամետ Ահմետ Հայէք, հարաւային Լիբանանի մէջ անձնատուր եղած է Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն, որոնք զայն փոխադրեցին Պէյրութ եւ սկսան համապատասխան հարցաքննութեան: Նշենք, որ նախանցեալ օր Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի այլ անդամ մը` սուրիացի Օ. Ք.-ն, որ կը պատրաստուէր բանակին դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը կատարել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն շնորհակալութիւն յայտնեցին «Սեն Ժորժ» հիւանդանոցը վիրաւոր բանակայիններուն տրամադրութեան տակ դնելու առիթով: Պատուիրակութիւնը Աուտէ եպիսկոպոսին յանձնեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի կողմէ շնորհակալական նամակ մը եւ իբրեւ յուշանուէր անոր նուիրեց բանակի հիմնադրութեան 72-ամեակին առիթով պատրաստուած բանակին զինանշանը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Իրաքի փոխնախագահ Այատ Ալլաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Իրաքի քաղաքական եւ զինուորական զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումին նիստին, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի ուժը անոր բանակին մէջ կը կայանայ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ներկայիս հաւասարակշռուած մնալու փուլն է` աւելցնելով, որ միջին դիրք մը պահելու ընտրանքը մշտապէս լաւ է:

ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ կոչուած հազարապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը բոլոր կարողութիւնները ունի ՏԱՀԵՇ-ին յաղթելու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին կողքին պէտք է նաեւ սուրիական բանակին շնորհակալութիւն յայտնենք` ահաբեկչութեան դէմ անոր արձանագրած յաղթանակին համար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք գիտէ, թէ ո՛վ է Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին պետ Ուիսամ Հասանը սպաննող յանցագործը, սակայն ճշմարտութիւնը չի բացայայտեր` գոհացնելու համար Հըզպալլան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պատրաստ չեն երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւնները կայացնելու:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ապաստանած իսլամական գործիչ Պիլալ Պատըր հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, թէ ինք Թիրի թաղամասը պիտի լքէ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցութիւններ չկան` աւելցնելով, որ իրենց համար առաջնահերթութիւնը առեւանգուած 9 բանակայիններուն ճակատագիրի բացայայտումն է:

 

 

Նախորդը

Քաթար Իր Դեսպանին Թեհրան Վերադարձը Կը Յայտարարէ

Յաջորդը

Անսարի Այցելեց Ֆրենժիէի Եւ Ռայի Պատրիարքին

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.