Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Շնորհաւորենք Լիբանանը Անոր Բանակին Եւ Դիմադրութեան Գործողութիւններուն Արձանագրած Նուաճումներուն Առիթով» Շեշտեց Պըրրի

August 31, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն առեւանգումի 39-ամեակին առիթով, Ամալ շարժումը երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին Քոքոտիի մէջ կազմակերպեց ժողովրդային եւ քաղաքական բազմամարդ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի արտասանեց ճառ մը` անդրադառնալով իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական իրադարձութիւններուն:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նուհատ Մաշնուք, հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներ, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ինչպէս նաեւ այլ զինուորականներ:

Պըրրի ընդգծեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարը մնայուն հետապնդումի մէջ է եւ անոր աշխատանքի չափանիշը այն է, թէ անոնք ողջ են եւ պէտք է ազատ արձակուին: Անդրադառնալով ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին` Պըրրի շնորհաւորեց Լիբանանը, անոր բանակին եւ Դիմադրութեան գործողութիւններուն արձանագրած նուաճումներուն առիթով:

Ակնարկելով բանակայիններու առեւանգումին պատասխանատուութեան յանցանքով նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան եւ բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն` Պըրրի հաստատեց, որ կառավարութիւնը այսօրուան նոյն ուժերէն բաղկացած կառավարութիւն էր, միակ տարբերութեամբ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխարէն Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ներկայացուած էր: «Ինչո՞ւ ամբաստանել վարչապետ Սալամը կամ զօր. Քահուաժին: Արդեօք մոռցա՞ք օրին տիրող իրավիճակը, ՏԱՀԵՇ-ի սարսափը եւ Արսալի մէջ համայնքային ու յարանուանական սադրանքներ նախապատրաստելու վտանգը: Այս բոլորը ինչո՞ւ են, յաղթանակը ջրելո՞ւ: Սակայն այդ մէկը անկարելի է, որովհետեւ յաղթանակը արձանագրուած է: Կը հաստատեմ, որ այդ մէկը Բ. յաղթանակն է եւ կոչ կ՛ուղղեմ Պեքաայի բնակիչներուն խիտ շարքերով մասնակցելու Պաալպեքի մէջ այսօր տեղի ունենալիք տօնակատարութեան», շեշտեց Պըրրի:

Պըրրի ընդգծեց զինուորական գործողութիւններուն եւ արեւելեան լեռնաշղթան ազատագրելու պարագային Սուրիոյ հետ գործակցութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ոչ ոք գանգատած է բանակին տրամադրուած ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական օժանդակութիւններէն, հետեւաբար ինչո՞ւ պէտք է բողոքել սուրիական բանակին ու Դիմադրութեան մարտիկներուն հետ գործակցելու իրականութեան դէմ:

Ապա իր խօսքը ուղղելով Ապպաս Իպրահիմին` Պըրրի հաստատեց, որ ինք վստահ է, որ ճակատամարտի ընթացքին ան Լիբանանի անունով կը բանակցէր եւ ոչ թէ իր անձնական շահերուն, «եւ կը հաստատեմ, որ ան բանակցութիւններուն բոլոր մանրամասնութիւններուն մասին տեղեակ պահած էր հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

«Առեւանգուած Բանակայիններուն Ճակատագիրը Բացայայտելու Միակ Միջոցը Բանակցութիւնն Էր» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Բանակի Հրամանատարը Կը Յայտարարէ Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Վերադարձը Լիբանանեան Գերիշխանութեան

RelatedPosts

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.