Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Ալի Ապպաս Ամիրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ իրաքեան դեսպանատան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումին աւարտին Ամիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Իպրահիմին Լիբանանի մէջ իրաքցիներուն գործառնութիւնները դիւրացնելու իմաստով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Իպրահիմ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յստակ էր իր կեցուածքին մէջ այն իմաստով, որ բանակը սկսաւ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան` բացայայտելու համար առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը, եւ այդ գործողութիւնը գործադրուեցաւ:
Իպրահիմ շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է հպարտ զգան նահատակ բանակայիններով` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ պատկերացնել իր ցաւը, «բայց եւ այնպէս ինծի պարտականութիւն տրուած է եւ ես զայն կը կատարեմ», հաստատեց ան:
Ապպաս նշեց, որ իրենք հպարտ կը զգան Լիբանանի պատկանելիութեամբ, Լիբանան, որ պատգամի երկիրն է եւ ոչ թէ սպանութեան ու ահաբեկչութեան:
Իպրահիմ շեշտեց, որ սուրիական անապատները մեկնող ՏԱՀԵՇ-ականները պահանջողի կարգավիճակին մէջ չէին, այլ` օգնութիւն խնդրողի: «Մեր նահատակ բանակայիններուն մէկ կօշիկը շատ աւելի կարեւոր է, քան այն բոլորը, որոնք հեռացան», ըսաւ ան:
Ապպաս Իպրահիմ աւելցուց, որ իրենք շուրջ 13 միջնորդի հետ բանակցած են` առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին հարցով: «Ամէն անգամ, երբ միջնորդէն բանակայիններուն մասին փաստ մը կը խնդրէինք, անոնք կ՛երթային եւ չէին վերադառնար: Բայց եւ այնպէս մեր աղբիւրները հաստատեցին, որ բանակայինները ողջ չեն եւ մեզի ուղարկեցին անոնց դիակներուն լուսանկարները», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով Լիբանանի իրավիճակին` Իպրահիմ նշեց, որ վտանգը վերջ չէ գտած, այլ` նուազած է, իսկ իրենք պիտի շարունակեն ահաբեկիչներուն հետապնդումը ներքին լիբանանեան իմաստով եւ ուր որ ալ ըլլան անոնք: «Լիբանանի ապահովական կառոյցները ամէնօրեայ դրութեամբ յանցագործներ կը ձերբակալեն», ըսաւ ան:
Ապպաս Իպրահիմ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն բարձրանալու ազգային հարցերու մակարդակին եւ իւրաքանչիւր քայլափոխ չքաղաքականացնելու այնպիսի շաբթուան մը ընթացքին, որ նահատակներով ու յաղթանակով հպարտանալու շաբաթ է: «Այս հարցը բնաւ պէտք չէ քաղաքականացնել», եզրափակեց ան:



