Սահմանադրական խորհուրդը որոշեց կասեցնել տուրքերու օրէնքին գործադրութիւնը` սերտել կարենալու համար այդ մասին իրեն ներկայացուած վիճարկումը:
Սահմանադրական խորհուրդը որոշեց 15 սեպտեմբերին գումարել նիստ մը` քննարկելու համար վիճարկուած տուրքերու օրէնքը:
Իսկ 18 սեպտեմբերին Սահմանադրական խորհուրդը հրապարակային նիստ մը պիտի գումարէ իր վերջնական որոշումը տալու, եթէ օրէնքը վիճարկելու իմաստով խորհուրդը համաձայնութիւն գոյացնէ:



