Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը հրաւիրեց Ֆրանսա` անոր այցելութիւնը պետական նկատելով:
Մաքրոն նշեց նաեւ, որ յառաջիկայ գարնան ինք պիտի այցելէ Լիբանան` Միջին Արեւելքի մէջ կատարելիք իր շրջապտոյտին ծիրին մէջ:
Մաքրոն հաստատեց, որ Ֆրանսա կառչած կը մնայ բաժանումներէ եւ տագնապներէ տառապող շրջանային երկիրներուն զօրակցութեան:
Ան հաստատեց, որ մօտիկ ապագային ինք հանդիպում մը պիտի ունենայ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ ապա հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:
«Զգայուն վիճակի մէջ գտնուող Լիբանանը քաջութեամբ կը դիմագրաւէ դժուարութիւնները, եւ Ֆրանսա` յանուն երկկողմանի պատմական յարաբերութիւններուն, ինքզինք պատասխանատու կը զգայ զօրակցելու Լիբանանին», ընդգծեց Մաքրոն:



