ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ Հըզպալլայի, այսօր յետմիջօրէին Պաալպեքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Արսալի, Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներու ազատագրումին նուիրուած տօնակատարութիւն:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 100 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 300 լ. ոսկիով:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի շեշտեց, որ քաղաքական եւ ապահովական կեդրոնական որոշումը կառավարութեան սեփականութիւնը չըլլալու իրականութիւնը իրարանցում կը պատճառէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ կոչ ուղղեց Պեքաայի բնակիչներուն Պաալպեքի այսօրուան յաղթանակի տօնակատարութեան խիտ շարքերով ներկայ գտնուելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ կոչ ուղղեց Աքքարի բնակչութեան` դիմաւորելու այդ շրջանը վերադարձող բանակի զօրամասերը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի ըսաւ. «Ինչպէս ճակատամարտեր սանձազերծուեցան առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը բացայայտելու, նոյնպէս ալ ճակատամարտեր պէտք է մղուին առեւանգուած իմամ Մուսա Սատըրի ճակատագիրը բացայայտելու»:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ բանակին յաղթանակը պանծացնելու փոխարէն կը նկատենք, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի դէմ ամբաստանութիւններ կ՛ուղղուին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր պահանջեց Ազգային սուգի օր յայտարարել` առեւանգուած բանակայիններուն նահատակութեան առիթով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Հըզպալլա չէր փափաքեր, որ լիբանանեան բանակը յաղթէ «Բարձունքներու արշալոյսը» ճակատամարտին ընթացքին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արձանագրուելիք խախտումներու հաւանականութեան առաջին ցուցանիշը մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած մօտեցումն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սալամէ հարց տուաւ, թէ արդեօք ե՞րբ պիտի ազատագրուի լիբանանեան պետութիւնը, իսկ լիբանանցիները օժտուին օրէնքի եւ արդարութեան պետութեամբ:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ոչ մէկ ճակատամարտի ընթացքին իր արժանապատուութիւնը կորսնցուցած է, որպէսզի զայն վերականգնէ:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ որոշումի երկիրները լաւ գիտեն, որ Լիբանան Հըզպալլայի կողմէ առեւանգուած է:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ յաջորդ փուլը Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ տնտեսական ամբողջական գործակցութեան փուլն է:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժի «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր երէկ Մազարեհ Շեպաայի, Հասպայայի եւ Արքուպի վերեւ թռիչքներ կատարեցին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Այն Հելուէ գաղթակայանին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու առումով լիբանանեան բանակին հետ գործակցութիւն կայ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը ՏԱՀԵՇ-ի հետ համաձայնութիւն չէ գոյացուցած, այլ` զայն ոչնչացնելու մարտեր մղած է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այցելուներէն, յայտնեց, որ Լիբանան կը նկատուի այն երկիրներէն, որոնք ամէնէն աւելի ապահով են:


