Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որ շնորհաւորեց Սարրաֆը ահաբեկիչներուն դէմ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակին առիթով:
«Ռուսական զինուորական օժանդակութիւնները 40 օրուան ընթացքին պիտի հասնին Լիբանան», ըսաւ ան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ վերջերս Սարրաֆի Ռուսիա կատարած այցելութեան արդիւնքները:
Զասիփքին ընդգծեց, որ Մոսկուա յանձնառու կը մնայ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութեան:



