Սահմանադրական խորհուրդը երէկուան իր նիստին ընթացքին քննարկեց տուրքերու օրէնքին մասին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի ներկայացուցած վիճարկումը, որուն լոյսին տակ միաձայնութեամբ որոշեց չեղեալ նկատել խորհրդարանին վաւերացուցած տուրքերուն օրէնքը:
Նիստին նախագահեց Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ դատաւոր Իսամ Սլէյման` ներկայութեամբ խորհուրդի փոխնախագահ դատաւոր Թարեք Զիատէի եւ անդամ դատաւորներ Մոհամետ Պասսամ Մուրթատայի, Սալահ Մուխայպերի, Սուհել Ապտել Սամատի, Թուֆիք Սուպրայի, Զաղլուլ Աթիէի, Անթուան Խէյրի, Անթուան Մսարրայի եւ Ահմետ Թաքիէտտինի:
Սահմանադրական խորհուրդը տուրքերու օրէնքը չեղեալ նկատելու իր պատճառաբանութիւնները հիմնաւորեց այն իրականութեամբ, որ այդ տուրքերը հրապարակուած են պետական ամավարկի բացակայութեան, ինչ որ իր կարգին սահմանադրութեան հետ կը հակադրուի:
«Հետեւաբար կը խնդրուի պետական պաշտօնաթերթի 21 օգոստոս 2017-ին, 37-րդ թիւով հրատարակուած թիւ 45 օրէնքը չեղեալ նկատել», նշուեցաւ խորհուրդին կողմէ:
Սահմանադրական խորհուրդը հաստատեց նաեւ, որ իւրաքանչիւր տարուան պետական ամավարկը չվաւերացնելն ու հաշուեփակ չկատարելը երկրին սահմանադրութեան բացայայտ խախտումներ են:


