Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Ղատի Այզընքոթ յայտնեց, որ նախորդ տարիներուն ընթացքին Հըզպալլա ձեռք ձգած է փորձառութիւն մը, որ իսկապէս լուրջ է եւ երբեք կասկածի տակ կարելի չէ առնել:
Այզընքոթ յայտնեց, որ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւններուն համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կը գտնուի Իսրայէլի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ եւ կը շարունակէ հզօրացնել Հըզպալլայի կարողութիւնները: «Չենք կրնար հաստատել, որ լիբանանեան գիւղերէն Իսրայէլ ներթափանցումները կարելի է սանձել, սակայն օտարներու կողմէ իսրայէլեան բնակեցման վայրեր հասնելու հոլովոյթը արգիլելու իմաստով յարձակումներու նախագիծեր կան», ըսաւ ան:
Այզընքոթ շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ Բ. պատերազմին ընթացքին Իսրայէլի համար սէյիտ Նասրալլան թիրախ դարձնելը հիմնական նպատակ էր:
Միւս կողմէ, Այզընքոթ ընդգծեց, որ Իսրայէլ Իրանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու հիմնական ծրագիրներ ունի, եւ անոնք պիտի իրականանան, եթէ երկրին քաղաքական իշխանութիւնները այդ ուղղութեամբ որոշում տան:


