Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Երէկ Վաւերացուց Շարք Մը Օրէնքներ, Որոնցմէ Են Նաւթի Մարզին Եւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Վերաբերողները

September 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ գումարեց իր լիագումար նիստը, նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու կառավարութեան:

Նախքան խորհրդարանի լիագումար նիստը, Պըրրի դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Հարիրիի հետ:

Օրէնսդրական նպատակով հրաւիրուած  խորհրդարանի Ա. նիստը սկսաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:20-ին:

Նիստին ընթացքին խօսքեր առին 17 երեսփոխաններ, որոնք անդրադարձան ելեկտրականութեան, երթեւեկի խճողումներուն, երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ մակնիսական քարտերուն, ինչպէս նաեւ աղբի տագնապին վերադարձին:

Վարչապետ Հարիրի իր պատասխանին մէջ անդրադարձաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ընդարձակումին` շեշտելով, որ անիկա պիտի կարենայ մինչեւ 6 միլիոն մարդ հիւրընկալել: Հարիրի հաստատեց նաեւ, որ ելեկտրականութիւն արտադրող հինգ կայաններ պիտի հիմնուին` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքը կը յապաղի, նկատի ունենալով 2010-էն ի վեր այդ մարզին մէջ արձանագրուած մսխումները, որոնց պատասխանատու են քաղաքական բոլոր ուժերը:

Հարիրի շեշտեց, որ երկրին մէջ սահմանադրութեան խախտումը կ՛արձանագրուի թէ՛ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեալ նկատելու, թէ՛ յաջող ու ատակ անձնաւորութիւնները պատասխանատու պաշտօններու վրայ չնշանակելու առումով:

Ան նշեց, որ այս խախտումներուն պատասխանատու են լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը:

Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ կենսաչափական անձնաթուղթին` ընդգծելով, որ ամէն գնով կը մերժեն աղբի տագնապին կրկնութիւնը:

Ան նշեց, որ Մանսուրիէի բարձր լարման ելեկտրական հոսանքի թելերը ի վերջոյ պիտի հաստատուին: Ան մերժեց շրջաններու բարգաւաճման վերաբերող պոռոտախօսութիւնները, որոնք ընտրարշաւի եւ յաւելեալ քուէ ստանալու նպատակով կը կատարուին: Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը լիբանանեան շրջաններուն նկատմամբ խտրութեան քաղաքականութեամբ չի գործեր:

Անդրադառնալով խնձորի ցանքով զբաղող հողամշակներու հատուցումներուն յապաղումին` վարչապետը ներում հայցեց անոնցմէ, շեշտելով, որ անոնք հատուցումները պիտի ստանան մինչեւ այս ամսուան աւարտը:

Իր կարգին, Պըրրի յայտնեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը այսօր ներկայացուցած է ընտրական օրինագիծ մը, որ կը վերաբերի խորհրդարանի նստաշրջանը յառաջաձգելու: Ան աւելցուց, որ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեալ նկատելու իմաստով սահմանադրութեան խախտումը արձանագրուած է:

Առաւօտեան նիստին երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ հարց տուաւ, որ Արսալի դէպքերուն ընթացքին ինչո՞ւ լիբանանեան բանակը չէ պատասխանած իրեն դէմ արձակուող որեւէ փամփուշտի:

Պըրրի անյարմար նկատեց բանակին մասին նման հարցում մը արձանագրել օրէնսդրական նիստի ատենագրութեան մէջ` շեշտելով, որ այդ մասին հետաքննութիւն բացուած է եւ պէտք է սպասել անոր արդիւնքներուն:

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ ակնարկեց մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեալ նկատելու երեւոյթին` աւելցնելով, որ այդ մէկը սահմանադրութեան խախտում կը նկատուի:

Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մտահոգիչ նկատեց սահմանադրական հաստատութիւններու գործունէութեան եւ ժամկէտներուն հանդէպ յարգանք չցուցաբերելը:

Ան հարց տուաւ նաեւ «Պլոմ» դրամատան պայթումին գծով բացուած հետաքննութեան արդիւնքին մասին:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ իրենք վստահ են, թէ Պըրրի եւ Հարիրի պիտի գոյացնեն համաձայնութիւն մը` երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մաղթեց, որ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ չկատարուին, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրական բարեկարգումներ իրագործել:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա պահանջեց երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը կենսաչափական անձնաթուղթին տուչութեան հոլովոյթին հետ չկապել:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերու ցուցակները արդէն իսկ պատրաստուած են եւ օրէնքի հիման վրայ պիտի հրապարակուին:

Խորհրդարանը վաւերացուց նաւթի տուրքերու օրէնք մը, ինչպէս նաեւ 7 այլ օրէնքներ, որոնք կը վերաբերէին տիւրզի համայնքին, Քարթապայի ճամբուն Ռուսիոյ հետ զինուորական գործակցութեան, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու վարչութեան քննիչներուն, Ներքին ապահովութեան ուժերու վարչութեան քննիչներուն, քաղաքապետական ընտրութիւններու պարագային իր ծննդավայրին մէջ թեկնածութիւն առաջադրելու ամուսնացած կնոջ իրաւունքին, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն մաս կազմող կամաւորները իրենց պաշտօնին վրայ հաստատելու մրցումի կազմակերպումին, ինչպէս նաեւ արգելափակեալները տանջանքի չենթարկելու:

Խորհրդարանը մերժեց Լիբանանի մէջ տիրած սովը ոգեկոչելու համար յատուկ օր ճշդելու օրինագիծը, որ ներկայացուած էր երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրի կողմէ:

Խորհրդարանի օրէնսդրական Ա. նիստը աւարտեցաւ յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին:

Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց Բ. նիստի մը` երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

Անիկա սկսաւ ժամը 6:30-ին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ քննարկուիլ խորհրդարան ներկայացուած օրինագիծերուն օրակարգը:

Երկու ժամ ետք Պըրրի յայտարարեց երեկոյեան նիստին աւարտը:

Խորհրդարանը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի շարունակէ գումարել օրէնսդրական իր նիստը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Հանդիպումներ Ունեցաւ Մաուրերի Եւ Ապուլ Ղէյթի Հետ

Յաջորդը

Տէյվիտ Վալատաօ Եւ Քոնկրեսականներու Պատուիրակութիւն Մը Այցելեցին Արցախ Եւ Հայաստան

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.