ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին անոր ներկայացուց նախարարութեան պատրաստած օրինագիծերը, որոնք կը միտին կասեցնել փտածութիւնը:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս շաբաթավերջին այցելեց Աքքար, ուր շեշտեց, թէ պետական ամավարկին վաւերացման լոյսին տակ իր նախարարութիւնը պիտի կուպրապատէ Աքքարի բոլոր փողոցները: Ան աւելցուց նաեւ, որ պիտի կազմուի քաղաքացիական օդանաւորդութեան խորհուրդ մը եւ «Ռընէ Մուաուատ»-ի անուան Քլէյաաթի օդակայանը պիտի սկսի գործել:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ սուրիացի անոր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի հանդիպումին, կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Երկար բացակայութենէ ետք Մոալլեմ լուսարձակներու տակ է կրկին, իսկ Պասիլի հետ անոր հանդիպումը ոգեհարցութեան նիստի կը նմանի: Աստուած օգնէ՛»:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքը պարտականութիւն մըն է, որ պէտք է գործադրուի, եւ այդ պարտականութենէն կառավարութիւնը չի կրնար փախուստ տալ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ լիբանանցիին վրայ տուրքերը պիտի պարտադրուին, սակայն պետական ամավարկին ընդմէջէն, այսուհանդերձ պահանջուած է լաւ ուսումնասիրել այդ տուրքերը, որպէսզի սահմանափակ եկամուտով քաղաքացիներուն չվերաբերի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ լիբանանցիները Նիւ Եորքի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած ուղերձը լսած են հպարտութեամբ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ խորհրդարանը պէտք է տուրքերու նոր օրինագիծ մշակէ, կամ բաւարարուի արդէն իսկ պարտադրուող ներկայ տուրքերով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնները իրենց պատասխանատուութիւններուն դիմաց դրած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ ողջունեց հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակի յաւելեալ ջոկատներու դիրքաւորումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդգծեց, որ 7 ամիս ետք երեսփոխանական ընտրութիւնները անպայման պիտի կատարուին, որովհետեւ անոնք հիմնական են եւ առանցքային:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու բնակեցումին վտանգը շատ աւելի լուրջ սպառնալիք է Լիբանանին, քան լիբանանեան բարձունքներուն բռնագրաւումը Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները: Շորթըր շեշտեց, որ Բրիտանիա պիտի զօրակցի Լիբանանին, մինչեւ որ ան իր ամբողջական գերիշխանութիւնը ձեռք ձգէ: Ան ընդգծեց նաեւ, որ Բրիտանիա պիտի ամրապնդէ լիբանանեան բանակին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ ՄԱԿ պէտք է օժանդակէ Լիբանանէն սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով:


