Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին շարունակեց գումարել օրէնսդրական իր նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց նաեւ երեք այլ օրինագիծեր:
Խորհրդարանը յետաձգեց երեսփոխան Խալետ Տահերի կողմէ առաջարկուած` ուրբաթ եւ կիրակի օրերը արձակուրդի օրեր նկատելու օրինագիծին քննարկումը, որուն մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիի յայտնեց, թէ այդ օրինագիծը երկրին մէջ բաւական իրարանցում յառաջացուցած է:
Խորհրդարանը յետաձգեց քննարկումը նաեւ այն օրինագիծերուն, որոնք աշխատավարձի յաւելումին եւ տուրքերուն կը վերաբերին:
Խորհրդարանին կողմէ այդ օրինագիծերը առկախուեցան` նկատի ունենալով, որ Սահմանադրական խորհուրդը այդ իմաստով տակաւին յստակ որոշում չէ տուած:
Յետաձգուած օրինագիծերը խորհրդարանը պիտի քննարկէ յաջորդ օրէնսդրական նիստին ընթացքին:
Միւս կողմէ, խորհրդարանը երէկուան իր նիստին ընթացքին պատասխանեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութեան: Պըրրի խորհրդարանին եւ երեսփոխաններուն անունով հրապարակեց բանաձեւ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Թրամփի կողմէ ՄԱԿ-ի մէջ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ տեղահանուածները պէտք է բնակեցուին, խստիւ մերժուած է:
Պըրրի ընդգծեց, որ լիբանանեան սահմանադրութեան ներածականին մէջ բնակեցումը մերժուած է` աւելցնելով, որ ներածականի բաժինը սահմանադրութենէն շատ աւելի կարեւոր կը նկատուի, որովհետեւ եթէ սահմանադրութիւնը կրնայ բարեփոխումի ենթարկուիլ, ապա ներածականը` ոչ:
Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի խորհրդարանէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ Լիբանան կը մերժէ բնակեցումը` ըլլայ ան պաղեստինցիներու կամ այլ քաղաքացիութիւններու պատկանող անձերու պարագային, աւելցնելով, որ Թրամփի կատարած յայտարարութիւնները քաղաքական կեցուածքներ են, որոնց գործադրութեան Լիբանան յանձնառու չէ: Ան աւելցուց, որ տեղահանուածներուն բնակեցման իմաստով միջազգային որոշում երբեք պիտի չտրուի:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի յայտնեց, որ ինք ստիպուած է օրէնքը գործադրելու` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն իմաստով Պըրրի կը փորձէ Լիբանանը փրկել վատագոյնէն, եւ նկատել տալով, որ այդ հարցը քննարկումի ենթակայ է:
Լիբանանի ապահովական կացութեան մասին Հարիրի յայտնեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ է` աւելցնելով, որ բանակն ու ապահովական կառոյցները զգաստ վիճակի մէջ են եւ կը հսկեն լիբանանցիներուն անվտանգութեան:


