Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ այցելեց Արսալի եւ Լապուէի բարձունքները:
Արսալի բարձունքներուն վրայ զետեղուած բանակի դիրքերուն մէջ Քաակ հանդիպում մը ունեցաւ գնդապետ-զօրավար Սամի Հուայեքի ու բանակի այլ պատասխանատուներուն հետ եւ դրուատեց լիբանանեան բանակին ճիգերն ու Լիբանանի ապահովական կայունութեան անոր կառչածութիւնը:
Քաակ նշեց, որ Լիբանանի պետական հաստատութիւններն ու բանակը հզօրացնելը ահաբեկչութիւն եւ որեւէ վտանգ կամ մարտահրաւէր կանխարգիլելու լաւագոյն միջոցն է: «Հետեւաբար, ՄԱԿ պիտի շարունակէ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն տրամադրուելիք միջազգային օժանդակութիւնը քաջալերել», հաստատեց ան:
Քաակ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրիի հետ: Ան դրուատեց Արսալի ցուցաբերած սրտբաց հիւրընկալութիւնը` սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ, եւ քաղաքապետին հետ քննարկեց Արսալի կարիքները:


