Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալիպա. «Թէեւ Ահաբեկիչները Մեր Սահմաններէն Դուրս Շպրտած Ենք, Սակայն Պէտք Է Զգուշանանք Անոնց Քնացող Բջիջներէն»

September 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա լսատեսողական լրատուամիջոցներու հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին բարձր գնահատեց այդ լրատուամիջոցներուն դերակատարութիւնը երկրին վերաբերող բոլոր իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն արձանագրած յաղթանակներուն  անդրադառնալու առումով:

Հանդիպումը, որ սկսաւ նահատակ բանակայիններու յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով, յատկացուեցաւ Սալիպայի կատարելիք յայտարարութիւններուն:

Սալիպա նշեց, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումները տակաւին ներկայ են եւ աշխուժօրէն կը գործեն:

«Թէեւ ահաբեկիչները մեր սահմաններէն դուրս շպրտած ենք, սակայն պէտք է զգուշանանք անոնց քնացող բջիջներէն», ըսաւ Սալիպա: Ան աւելցուց, որ այդ բջիջները շատ անգամներ անհատական կ՛ըլլան եւ ինքնաբաւ կերպով կը գործեն:

Սալիպա նշեց, որ անոնք յաճախ կը կոչուին առանձին գայլեր, որոնք շատ վտանգաւոր են եւ իրենց վայրագ ու անսպասելի քայլերով անակնկալի կը մատնեն բոլորը:

«Առանձին գայլը ծայրայեղական մըն է, որ կը գործէ ինքն իրեն համար ճշդելով յստակ թիրախներ: Ան իր գործողութիւնները կը կատարէ առանց իր պատասխանատուներուն հետ գործակցելու, եւ այդ պատճառով ալ զայն հետապնդելն ու անոր գործելիք ահաբեկչութիւնը կանխարգիլելը կը դժուարանան», ըսաւ ան:

Սալիպա շեշտեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան այս նոր ձեւին դէմ պիտի պայքարին բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ ամուր եւ ամբողջական գործակցութեամբ` որդեգրելով այնպիսի ռազմավարութիւն մը, որուն շնորհիւ կարելի ըլլայ առանձին գայլերը խեղդել իրենց իսկ որջին մէջ:

Սալիպա իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ երկրին ապահովական բոլոր հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ պետութիւնը` իշխանութեան երեք պետերով, կառչած կը մնան Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին, հետեւաբար անոնք բուռն կերպով պիտի պայքարին երկրին եւ քաղաքացիին անվտանգութիւնը խախտող իւրաքանչիւր արարքի դէմ:

 

Նախորդը

«ՄԱԿ Պիտի Շարունակէ Լիբանանեան Բանակին Տրամադրուելիք Միջազգային Օժանդակութիւնը Քաջալերել» Շեշտեց Քաակ

Յաջորդը

Այզընքոթ. «Հըզպալլա Ձեռք Ձգած Է Փորձառութիւն Մը, Որ Իսկապէս Լուրջ Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.