Լիբանանեան

Լիբանանէն Դուրս Ինչպէ՞ս Կարելի Է Քուէարկութեան Արձանագրուիլ

Լիբանանէն Դուրս Ինչպէ՞ս Կարելի Է Քուէարկութեան Արձանագրուիլ

Արտերկրի լիբանանահայերը իրենց բնակած վայրերուն մէջ քուէարկելու համար կրնան ար­ձա­նագրուիլ` - Հին կամ նոր անձնաթուղթով: - Հին կամ նոր իխրաժ քայտով: - Հին կամ նոր ընտանեկան իխրաժ քայտով: - Հին կամ նոր անցագիրով (փասփոր):    

Զօր. Աուն Ստանձնեց  «Սուփըր Թոքանօ Էյ29»  Ամերիկեան Երկու Օդանաւերը

Զօր. Աուն Ստանձնեց «Սուփըր Թոքանօ Էյ29» Ամերիկեան Երկու Օդանաւերը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրին ուղղուեցաւ լիբանանեան բանակի Համաթի զինուորական խարիսխը` ներկայ գտնուելու համար «Սուփըր Թոքանօ էյ29» տիպի ամերիկեան օդանաւերու ստանձնումի պաշտօնական արարողութեան: Այս նպատակով Համաթ ուղղուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան օդուժի պետ զօր. Ճեֆրի Հարիճեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով սպաներ: Ձեռնարկին ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ հակառակ լիբանանեան...

Կիպրոսի Պաշտպանութեան Նախարարը  Կը Հաստատէ Լիբանանեան Բանակին Կատարուելիք  Զինուորական Օժանդակութիւնները

Կիպրոսի Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Հաստատէ Լիբանանեան Բանակին Կատարուելիք Զինուորական Օժանդակութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Քրիսթոֆորոս Ֆոքայիտեսը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ գործակցութիւնը` հաստատելով այդ յարաբերութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, որ հիմնուած է երկու երկիրներուն միջեւ հասարակ յայտարարներու գոյութեան վրայ: Նախագահ Աուն նշեց, որ այդ հասարակ յայտարարներէն են Լիբանանի եւ...

«Հակառակ Իր Պաշտօնավարութեան  Երկարաձգումին` Խորհրդարանը Լիբանանը Փրկեց  Նախագահական Պաշտօնի  Թափուր Ըլլալուն Ընթացքին»  Ընդգծեց Պըրրի

«Հակառակ Իր Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումին` Խորհրդարանը Լիբանանը Փրկեց Նախագահական Պաշտօնի Թափուր Ըլլալուն Ընթացքին» Ընդգծեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յետմիջօրէին Այն Թինէի մէջ ընդունեց համայն Արեւելքի երկիրներուն հետ յարաբերութեան Եւրոպական խորհրդարանի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մարիսա Մաթիասի եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնք պիտի կատարուին ճշդուած թուականին եւ առաջին անգամ ըլլալով համամասնական ընտրական օրէնքին համաձայն: Պըրրի ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը, ինչպէս...

Ռիատի Մէջ.   Վարչապետ Հարիրի Իշխան Մոհամետ Պըն  Սալմանի Հետ Քննարկեց  Շրջանային Իրադարձութիւնները

Ռիատի Մէջ. Վարչապետ Հարիրի Իշխան Մոհամետ Պըն Սալմանի Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխանին հետ իր ունեցած իւրաքանչիւր հանդիպումէն ետք աւելի եւս կը համոզուի, թէ սէուտական ղեկավարութիւնն ու լիբանանեան իշխանութիւնները լրիւ համաձայն են Լիբանանի արաբականութեան եւ կայունութեան շուրջ:...

Ռապիէի Մէջ.  «Հակառակ Նախագահ Աունի Դէմ Արձանագրուած  Զրպարտութիւններուն, Անոր  Իրագործումները Անկարելի Է Ջնջել»  Շեշտեց Ալեն Աուն

Ռապիէի Մէջ. «Հակառակ Նախագահ Աունի Դէմ Արձանագրուած Զրպարտութիւններուն, Անոր Իրագործումները Անկարելի Է Ջնջել» Շեշտեց Ալեն Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ հակառակ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դէմ արձանագրուած զրպարտութիւններուն, անոր իրագործումները անկարելի է ջնջել: «Երբ զօր. Աուն ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ, երկրին իշխանութիւններուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը վերահաստատուեցաւ, պետութիւնը կեանք ստացաւ եւ պետական հաստատութիւնները դարձան արդիւնաւէտ», ըսաւ...

Մաշնուք. «Պատրաստ Ենք  Գործադրելու Ընտրական Նոր Օրէնքը»

Մաշնուք. «Պատրաստ Ենք Գործադրելու Ընտրական Նոր Օրէնքը»

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք նախանցեալ օր նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ընտրական խորհուրդին հետ` ներկայութեամբ նախարարութեան քաղաքական հարցերու ընդհանուր տնօրէն Ֆաթեն Եունեսի եւ քաղաքացիներու անձնական տուեալներու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Էլիաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին Մաշնուք ընտրական խորհուրդին ներկայացուց ընտրական նոր օրէնքի գործադրութեան առումով նախարարական յանձնախումբին կողմէ քննարկուող աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները: Մաշնուք խորհուրդին ներկայացուց նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան տարբեր բաժանմունքներուն կողմէ...

«Զինուորականներուն Կորովը  Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Գոյատեւումը Լիբանանը  Փրկեցին Շրջանը Կլանող Հրդեհէն»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Բացայայտուած Է Իսրայէլեան Գործակալներու Ցանց Մը, Որ Կը Գործէր Բարեսիրական Միութեան Անուան Տակ» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը բացայայտած են իսրայէլեան գործակալներու ցանց մը, որուն պատասխանատուն է Պուլոս Ժորժ Խուրի: Խուրի Հալէպէն է եւ Լիբանան հասած է 2014-ին: Իպրահիմ ըսաւ, որ Խուրի 2011-ին ուղղուած է Պելճիքա, ուր եկեղեցիներէն մէկուն մէջ ծանօթացած է օտար խմբաւորումներու, որոնք Մոսատին մաս կը կազմէին: Այս խմբաւորումները կը գործէին ափրիկեցի քահանայի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ պետական ամավարկին վաւերացումով Լիբանանի մէջ փտածութիւնը 60 առ հարիւրով կը նուազի, «սակայն գողութիւնը տակաւին կը շարունակուի», ըսաւ ան: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգումը անկարելի է` աւելցնելով, որ ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ փտածութիւնը հարուածելու նպատակով լիբանանեան պետութեան աշխատանքը ճշգրիտ հունի...

«Երկրին Կեանքէն Տարի Մը».  «Մեզի Համար Հիմնականը Ազգային Միասնականութեան  Պահպանումն Է. Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին,  Իսկ Փտածութեան Դէմ Պայքարը Պիտի Ըլլայ  Հաստատութիւններուն Ընդմէջէն»,   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Երկրին Կեանքէն Տարի Մը». «Մեզի Համար Հիմնականը Ազգային Միասնականութեան Պահպանումն Է. Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին, Իսկ Փտածութեան Դէմ Պայքարը Պիտի Ըլլայ Հաստատութիւններուն Ընդմէջէն», Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կը սկսի հանրապետութեան նախագահութեան իր երկրորդ տարուան գործունէութեան: Իբրեւ գնահատական իր առաջին տարուան աշխատանքին, նախագահական պալատին մէջ երէկ գիշեր ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ ընդարձակ հարցազրոյց մը, որ ուղղակի սփռուեցաւ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն: Նախագահ Աունի հետ հարցազրոյցը վարողներն էին լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններու լուրերու բաժիններու տնօրէնները: Ընդարձակ եւ երկարատեւ հարցազրոյցը, որ վարեց նախագահական պալատի տեղեկատուական բաժինի...

Նախարարներ Կիտանեան Եւ Կարայեան  Քննարկեցին Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ  Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Նախարարներ Կիտանեան Եւ Կարայեան Քննարկեցին Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ հայկական պատուիրակութեան հետ քննարկուած են շարք մը...

Ուիսամ Հասանի Նահատակութեան  Ե. Տարելիցի Նշում

Ուիսամ Հասանի Նահատակութեան Ե. Տարելիցի Նշում

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի նահատակութեան Ե. տարելիցին առիթով` երէկ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի եւ անոր ընտանիքին: Իր խօսքին մէջ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր յարաբերութեանց պատասխանատու դերգնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմ...

Վարչապետ Հարիրի Կը Շնորհաւորէ  Ազատ Արձակուած Լիբանանցիները

Վարչապետ Հարիրի Կը Շնորհաւորէ Ազատ Արձակուած Լիբանանցիները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ազատ արձակուած լիբանանցի գործարար Իմատ Խաթիպի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` անոր ազատ արձակումին առիթով: Հարիրի շնորհաւորեց նաեւ Նատեր Համատէն եւ Ժորժ Պաթրունին, որոնք ողջ- առողջ վերադարձան Լիբանան: Այս առիթով վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին անոնց ազատ արձակումին: Ան խստիւ դատապարտեց առեւանգումի արարքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Իրաքի կառավարութեան ու գաղտնի սպասարկութեան,...

«Բրիտանիա Կը Զօրակցի Լիբանանի  Կայունութեան Եւ Պատրաստ Է Կրթական  Եւ Տնտեսական Մարզերուն Մէջ  Ներդրումներ Կատարելու»  Շեշտեց Ալիսթեր Պըրթ

«Բրիտանիա Կը Զօրակցի Լիբանանի Կայունութեան Եւ Պատրաստ Է Կրթական Եւ Տնտեսական Մարզերուն Մէջ Ներդրումներ Կատարելու» Շեշտեց Ալիսթեր Պըրթ

Անցեալ շաբաթավերջին Բրիտանիոյ արտաքին հարցերու եւ միջազգային բարգաւաճումի պետական նախարար Ալիսթեր Պըրթ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրուած լիբանանեան բարձունքներն ու սուրիացի տեղահանուածներուն գաղթակայանները: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Պըրթը` ընկերակցութեամբ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիուկօ Շորթըր: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն աճապարելու եւ արձանագրելու իրենց անունները, որպէսզի կարենան ընտրել իրենց ներկայացուցիչները: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է յաղթահարեն ընտրական օրէնքին շուրջ իրենց տարակարծութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի գործադրութեան նախարարական յանձնախումբին նիստին...

Նիկոսիոյ Մէջ.  Հարիրի Եւ Անասթասիատես Կ՛ընդգծեն  Երկկողմանի Յարաբերութիւններուն Ամրապնդումը

Նիկոսիոյ Մէջ. Հարիրի Եւ Անասթասիատես Կ՛ընդգծեն Երկկողմանի Յարաբերութիւններուն Ամրապնդումը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Կիպրոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ: Նիկոսիոյ մէջ Մակարիոս Գ. արքեպիսկոպոսի դամբարանին ծաղկեպսակ մը զետեղելէ ետք, Հարիրի դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Անասթասիատեսի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս տնտեսական բնագաւառին մէջ գործունէութիւնը բարելաւելու իմաստով: Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Անասթասիատես...

Իրաքի Մէջ Առեւանգուած 3 Լիբանանցիները  Վերադարձան Պէյրութ

Իրաքի Մէջ Առեւանգուած 3 Լիբանանցիները Վերադարձան Պէյրութ

Իրաքի մէջ առեւանգուած երեք լիբանանցիները`  Իմատ Խաթիպ, Նատեր Համատէ եւ Ժորժ Պաթրունի, որոնք երէկ առաւօտեան ազատ արձակուած էին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին հասան Պէյրութի միջազգային օդակայան: Օդակայանին մէջ անոնք դիմաւորուեցան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ իրենց հարազատներուն կողմէ: Այս առիթով Մաշնուք տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ողջունեց ներքին ապահովութեան ուժերը, տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, ընդհանուր ապահովութեան ուժերն ու իրաքեան գաղտնի սպասարկութիւնը,...

Շուֆի Մէջ.   Պասիլ Շեշտեց Լեռնալիբանանի Հաշտութեան  Կարեւորութիւնը` Յանձնառութիւն Յայտնելով Սիւննի  Համայնքին Իրաւունքներուն Նկատմամբ

Շուֆի Մէջ. Պասիլ Շեշտեց Լեռնալիբանանի Հաշտութեան Կարեւորութիւնը` Յանձնառութիւն Յայտնելով Սիւննի Համայնքին Իրաւունքներուն Նկատմամբ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Շուֆ` ընկերակցութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի, կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպի եւ նախկին նախարար Մարիօ Աունի: Տէյր Քամարի մէջ Պասիլ ընդգծեց Լեռնալիբանանի մէջ գոյացած հաշտութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք մաս կը կազմեն այդ հաշտութեան, որովհետեւ անոր գինը սուղ...

Սաատ Զախիա` Սուրիոյ Մէջ  Լիբանանի Դեսպան

Սաատ Զախիա` Սուրիոյ Մէջ Լիբանանի Դեսպան

Շաբաթավերջին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան նշանակուած է Սաատ Զախիա, որ իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ այս շաբթուան ընթացքին: Զախիայի նշանակման հրամանագիրը ստորագրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ: Վերջինիս հաւանութիւնը կարգ մը անձնաւորութիւներու մօտ ընդվզում յառաջացուց եւ դուռ բացաւ ցեխարձակումներու: Հարիրի թուիթըրեան հետեւեալ գրառումով  պատասխանեց այդ ցեխարձարկումներուն. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ իմ...

Զօր. Աուն Ընդունեց Ամերիկեան  Քոնկրեսի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Զօր. Աուն Ընդունեց Ամերիկեան Քոնկրեսի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան քոնկրեսի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ քոնկրեսական Մաք Թոռնպըրիի եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին ամերիկեան պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց զօր. Աունը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղուած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան յաջողութեան առիթով, ինչպէս նաեւ...

Page 693 of 987 1 … 692 693 694 … 987

Արխիւներ