Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բացայայտուած Է Իսրայէլեան Գործակալներու Ցանց Մը, Որ Կը Գործէր Բարեսիրական Միութեան Անուան Տակ» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

November 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը բացայայտած են իսրայէլեան գործակալներու ցանց մը, որուն պատասխանատուն է Պուլոս Ժորժ Խուրի:

Խուրի Հալէպէն է եւ Լիբանան հասած է 2014-ին:

Իպրահիմ ըսաւ, որ Խուրի 2011-ին ուղղուած է Պելճիքա, ուր եկեղեցիներէն մէկուն մէջ ծանօթացած է օտար խմբաւորումներու, որոնք Մոսատին մաս կը կազմէին: Այս խմբաւորումները կը գործէին ափրիկեցի քահանայի մը նախագահութեամբ` եկեղեցական աշխատանքի շրջագիծին մէջ:

Ան աւելցուց, որ 2014-ին Լիբանան վերադառնալէ ետք Պուլոս Խուրի ստեղծեց բարեսիրական միութիւն մը, որպէսզի անոր անուան տակ Մոսատի հաշուոյն գործող կամաւորներ զինուորագրէ: «Այս ճշմարտութիւնը կասկածներ կ՛արթնցնէ Լիբանանի մէջ գործող հսկայական թիւով բարեսիրական միութիւններու աշխատանքներուն շուրջ», ընդգծեց ան:

Իպրահիմ աւելցուց, որ Պուլոս Խուրիի ցանցին անդամ իսրայէլեան գործակալները կը հետապնդեն լիբանանեան բանակի զօրանոցները, ինչպէս նաեւ փորձած են Լիբանանի եկեղեցիներէն մէկուն պետը մոլորեցնել սիոնական մտայնութեամբ:

Իպրահիմ ըսաւ նաեւ, որ Խուրի 2015-ին օտարներու խումբով մը այցելած է լիբանանեան տարբեր շրջաններ եւ լուսանկարած բանակին դիրքերն ու զօրանոցները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանը:

Միւս կողմէ, Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցը իր դերակատարութիւնը ունեցած է եւրոպական կարգ մը երկիրներու տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու առաջքը առնելու առումով: «Այս իմաստով, օտար պետութիւններ լաւ գիտեն, թէ սուրիական ապահովական կառոյցները իրենց կարգին օժանդակած են կանխարգիլելու Եւրոպայի մէջ գործուելիք ահաբեկչական կարգ մը գործողութիւններ», ըսաւ ան` բացայայտելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը սուրիական եւ արեւմտեան կառոյցներուն միջեւ միջնորդի դերակատարութիւն ստանձնած է եւ համակարգած ահաբեկչութեան դէմ բոլորին մղած պայքարը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մաշնուք. «Պատրաստ Ենք Գործադրելու Ընտրական Նոր Օրէնքը»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.