Իրաքի մէջ առեւանգուած երեք լիբանանցիները` Իմատ Խաթիպ, Նատեր Համատէ եւ Ժորժ Պաթրունի, որոնք երէկ առաւօտեան ազատ արձակուած էին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին հասան Պէյրութի միջազգային օդակայան:
Օդակայանին մէջ անոնք դիմաւորուեցան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ իրենց հարազատներուն կողմէ:
Այս առիթով Մաշնուք տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ողջունեց ներքին ապահովութեան ուժերը, տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, ընդհանուր ապահովութեան ուժերն ու իրաքեան գաղտնի սպասարկութիւնը, որոնց համագործակցութեան շնորհիւ 7 օր 7 գիշեր տեւած աշխատանքով կարելի եղաւ ազատ արձակել առեւանգուած լիբանանցիները:
Մաշնուք ընդգծեց, որ առեւանգող կողմը իրաքեան ապահովական կառոյցին ծանօթ առեւանգումի աւազակախումբերուն մաս կը կազմէ եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ:
Իր կարգին, Իմատ Խաթիպ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, վարչապետ Սաատ Հարիրիին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքին, ինչպէս նաեւ հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմին, հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանին եւ Իրաքի գաղտնի սպասարկութեան, որոնք ճիգ չխնայեցին զիրենք ազատ արձակելու համար:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ առաւօտեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, ընդհանուր ապահովութեան ուժերն ու իրաքեան գաղտնի սպասարկութիւնը, Մաշնուքի անմիջական հսկողութեան ներքեւ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն կրցան ազատ արձակել անցեալ կիրակի օր Պաղտատի մէջ առեւանգուած երեք լիբանանցիներ Իմատ Խաթիպը, Նատեր Համատէն եւ Ժորժ Պաթրունին:
Իրաքի գաղտնի սպասարկութիւնը երեք լիբանանցիները ազատ արձակելու գործողութեան ընթացքին զինեալ բախումներ ունեցաւ առեւանգող աւազակախումբին հետ, որուն անդամներէն մէկը սպաննուեցաւ, ուրիշներ ձերբակալուեցան, իսկ մնացեալը տակաւին կը հետապնդուին:
Մաշնուք բարձր գնահատեց լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն ճիգերը, յատկապէս Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ջանքերը:
Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շնորհակալութիւն յայտնեց Իպրահիմին, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած 15 տիւրզիներ կրցած է ազատ արձակել Ռիֆ Համաթէն:


