Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բրիտանիա Կը Զօրակցի Լիբանանի Կայունութեան Եւ Պատրաստ Է Կրթական Եւ Տնտեսական Մարզերուն Մէջ Ներդրումներ Կատարելու» Շեշտեց Ալիսթեր Պըրթ

October 31, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթավերջին Բրիտանիոյ արտաքին հարցերու եւ միջազգային բարգաւաճումի պետական նախարար Ալիսթեր Պըրթ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրուած լիբանանեան բարձունքներն ու սուրիացի տեղահանուածներուն գաղթակայանները:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Պըրթը` ընկերակցութեամբ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիուկօ Շորթըր:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կը պահանջէ արագացնել Սուրիոյ տագնապին լուծումը, որովհետեւ արձանագրուած ուշացումը կը վնասէ սուրիացի տեղահանուածներուն` բազմապատկելով անոնց տառապանքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ տեղահանուածներու հարցին ունեցած հետեւանքները:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կը մերժէ սուրիացի տեղահանուածներուն բնակեցումը:

Ան ընդգծեց Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր յարաբերութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին մատուցուած բրիտանական զինուորական օժանդակութեան համար` շեշտելով, որ այդ օժանդակութեան նպատակն է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ` հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգելու ՄԱԿ-ի որոշումին իմաստով Լիբանանին զօրակցելու համար:

Նախագահ Աուն Բրիտանիոյ օժանդակութիւնը խնդրեց Լիբանանը կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան կեդրոնի վերածելու համար, ինչպէս նաեւ խնդրեց ներդրում ունենալ Միջին Արեւելքի տագնապի լուծման մէջ:

Իր կարգին, Պըրթ շեշտեց, որ Բրիտանիա կը փափաքի Լիբանանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել, յատկապէս տնտեսական եւ զինուորական բնագաւառներուն պարագային:

Ան գնահատեց Լիբանանի կողմէ մեծ թիւով տեղահանուածներու ընդունելութիւնը` շեշտելով, որ Լոնտոն պիտի օժանդակէ անոնց:

Պըրթ ողջունեց լիբանանեան բարձունքները ահաբեկիչներէն ազատագրելու լիբանանեան բանակին նուաճումը` ցաւակցութիւն յայտնելով նահատակներուն, որոնց շարքին նաեւ 2014-ին առեւանգուած նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն:

Պըրթ հաստատեց, որ Բրիտանիա կը զօրակցի Լիբանանի կայունութեան եւ պատրաստ է կրթական ու տնտեսական մարզերուն մէջ ներդրումներ կատարելու:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի իրենց կարգին ընդունեցին Պըրթը, որուն հետ քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումներէն ետք Պըրթ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակի մարտունակութիւնը եւ ՏԱՀԵՇ-ին յաղթելու կարողութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ ան ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին օժանդակելու առումով Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը հաստատ է:

Պըրթ այցելեց նաեւ ազատագրուած Ռաս Պաալպեքի բարձունքները, ինչպէս նաեւ Պեքաայի սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայան մը` խոստանալով յաւելեալ ներդրումներ կատարել Լիբանանի զինուորական, կրթական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Կը Շնորհաւորէ Ազատ Արձակուած Լիբանանցիները

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.