Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ հակառակ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դէմ արձանագրուած զրպարտութիւններուն, անոր իրագործումները անկարելի է ջնջել:
«Երբ զօր. Աուն ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ, երկրին իշխանութիւններուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը վերահաստատուեցաւ, պետութիւնը կեանք ստացաւ եւ պետական հաստատութիւնները դարձան արդիւնաւէտ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ համախմբումի նախագահ Ժըպրան Պասիլ Աունի կողքին կանգնեցաւ ոչ թէ շահեր ապահովելու նպատակով, այլ` պետական հաստատութիւններուն նոր աւիւն ներարկելու:
Աուն յայտնեց, որ համախմբումը մշակեց նաեւ տնտեսական իր պատկերացումը` երկրին տնտեսական վիճակը փրկելու նպատակով, աւելցնելով, որ այդ շրջագիծին մէջ արդէն իսկ մեկնարկը կատարուեցաւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ բնական կազի հանքերու պեղման, «իսկ մօտիկ ապագային պիտի հրատարակուի Լիբանանի ենթակառոյցը բարելաւելու յատուկ ծրագիր մը», ըսաւ ան:
Աուն եզրափակեց ընդգծելով, որ համախմբումը միշտ նեցուկ պիտի կանգնի նախագահ Աունին, որպէսզի յաջորդ փուլին կարելի ըլլայ յաւելեալ իրագործումներ արձանագրել: