Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի նահատակութեան Ե. տարելիցին առիթով` երէկ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի եւ անոր ընտանիքին:
Իր խօսքին մէջ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր յարաբերութեանց պատասխանատու դերգնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմ իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Հարիրիին, նշեց, որ անոր ներկայութիւնը հայրենիքին մէջ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութեան նեցուկ կը նկատուի, ինչպէս նաեւ կը փաստէ, որ նահատակ հերոսներու յիշատակը կենդանի է անոր խիղճին մէջ:
Անդրադառնալով Ուիսամ Հասանի յատկանիշներուն` ան շեշտեց, որ ան իր անուան նման «շքանշան» էր ապահովութեան պահպանումին, ղեկավարութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ գործակալներու բացայայտումին մէջ` աւելցնելով, որ ան լաւ գիտէր, թէ չարիքի դէմ պայքարը դիւրաւ կարելի չէր ամբողջացնել:
«Այսօր տեղեկահաւաքի բաժանմունքին մէջ Հասանի աշխատանքային ուղեգիծին հետեւելով հսկայ նուաճումներ կրցած ենք արձանագրել», ըսաւ Մսալլեմ:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման շեշտեց, որ Ուիսամ Հասանը սպաննողներ կարծեցին, թէ զինք ֆիզիքապէս ջնջելով կրնան զայն մեր մտքերէն ալ ջնջել, սակայն անոնք չգիտցան, թէ Հասան մնայուն ներկայութիւն է մեր առօրեային մէջ:
Օսման հաստատեց, որ Հասանի օրինակելի եւ դաստիարակիչ նկարագիրէն իրենց սորված դասերը գործադրելով է, որ կրցած են երկիրը եւ քաղաքացին փրկել ապահովական բազմաթիւ ցնցումներէ:
Ան խոստացաւ բացայայտել Հասանը սպաննող յանցագործները եւ զանոնք առաջնորդել դատարան:
Նախարար Մաշնուք իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հասանի բացակայութեան փոփոխութիւններ արձանագրուած են` աւելցնելով, որ այդ փոփոխութիւններէն կը նկատուին դաշինքները` պահպանելու համար Լիբանանը:
Մաշնուք նշեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ որոշած են յանգիլ համաձայնութիւններու, որոնք Լիբանանը զերծ կը կացուցեն շրջանային տագնապներէն` աւելցնելով, որ թէեւ այդ որոշումները ցաւոտ են, սակայն արդիւնաւէտ` երկրին ու պետութեան կացութիւնը դարմանելու իմաստով:
Մաշնուք բարձր գնահատեց ապահովական կառոյցներուն աշխատանքը` խոստանալով Հասանին, որ օր մը անպայման պետութիւն պիտի հիմնուի:
Ձեռնարկին աւարտին Նաւահանգիստի շրջանին մէջ «Ուաֆիք Սըննօ» փողոցէն դէպի Պէյրութի ծովահայեաց դիրքը տանող ճամբան անուանուեցաւ «Ուիսամ Հասան» փողոց: Ուիսամ Հասանի անուան փողոցի բացման արարողութեան ընթացքին Հարիրի շեշտեց, որ Հասանի սպանութեան գծով արդարութիւնը պիտի բանեցուի:
«Ուիսամ Հասանը սպաննողը իր արարքին գինը սուղ պիտի վճարէ: Այդ պատասխանատուութիւնը իմ եւ պետութեան ուսերուն կը գտնուի: Հասան այս կառոյցին զաւակն է եւ մեր պարտականութիւնն է բացայայտել ու դատավարութեան ենթարկել զայն սպաննող ոճրագործները», եզրափակեց Հարիրի:


