Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Քրիսթոֆորոս Ֆոքայիտեսը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ գործակցութիւնը` հաստատելով այդ յարաբերութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, որ հիմնուած է երկու երկիրներուն միջեւ հասարակ յայտարարներու գոյութեան վրայ:
Նախագահ Աուն նշեց, որ այդ հասարակ յայտարարներէն են Լիբանանի եւ Կիպրոսի ապահովական կայունութեան պաշտպանութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը միտի երկկողմանի գործակցութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ ամրապնդել:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Կիպրոսին` Լիբանանի տրամադրած անոր զինուորական օժանդակութիւններուն համար, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելուն եւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Լիբանանին զօրակցութեան համար:
Նախագահ Աուն Ֆոքայիտեսին ներկայացուց Լիբանանի տեսակէտը շրջանային իրադարձութիւններուն, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմին եւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ զեկուցեց տեղահանուածներու տունդարձին առումով լիբանանեան պետութեան ճիգերուն մասին:
«Սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութիւնը Լիբանանի վրայ ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ: Լիբանան այլեւս կարողութիւն չունի հանդուրժելու տեղահանուածներու տագնապին, որ ուղղակի վտանգ կը սպառնայ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Իր կարգին, Ֆոքայիտես նախագահ Աունին փոխանցեց Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի ողջոյնները` ընդգծելով, որ Նիկոսիա իր կարգին ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու:
Ֆոքայիտես շեշտեց, որ Կիպրոս պիտի շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան բանակին, որ կը պայքարի ահաբեկիչներուն դէմ` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին մղած պայքարէն միայն Լիբանանը չէ որ կ՛օգտուի, այլեւ` շրջանի երկիրներն ու յատկապէս Եւրոպան:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ համայն Արեւելքի երկիրներուն հետ յարաբերութեան Եւրոպական խորհրդարանի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մարիսա Մաթիասի եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի:
Մաթիաս նախագահ Աունին յանձնեց Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թաճանիէն գրաւոր նամակ մը, որ կ՛ընգրկէր նաեւ Սթրազպուրկ այցելութեան հրաւէր մը, Եւրոպական խորհրդարանի կեդրոնատեղիին մէջ խօսք մը արտասանելու նպատակով:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար` խոստանալով ընդառաջել անոր` ներկայացնելու համար Լիբանանը եւ անոր դիմագրաւած դժուար փուլերը, մինչեւ անոր ապահովական կայունութեան ամրապնդումն ու սահմանադրական հաստատութիւններուն վերաշխուժացումը, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումը:
Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան ապահով եւ կայուն վիճակի մը մէջ կը գտնուի` ընդգծելով, որ Լիբանանի վրայ իր հետեւանքները կ՛ունենայ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որ անյապաղ լուծման կարիքը ունի:
Նախագահ Աուն Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը խնդրեց` Լիբանանը կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան կեդրոնի վերածելու իմաստով:
Եարզէի Մէջ
Ֆոքայիտես այցելեց նաեւ Եարզէ եւ ծաղկեպսակ մը զետեղեց նահատակ բանակայիններու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին, ապա հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Եաագուպ Սարրաֆի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Նախարարներու հանդիպումին միացան Ֆոքայիտեսի ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները եւ անոնց լիբանանցի պաշտօնակիցները, որոնք երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները աւելի ընդարձակ ձեւով քննարկեցին:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Սարրաֆ շնորհաւորեց լիբանանցիները նախագահ Աունի պաշտօնավարութեան երկրորդ տարուան թեւակոխումին առիթով:
Ան նշեց, որ նախագահ Աունի թելադրանքով ինք ստանձնած է Կիպրոսի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները վերականգնելու պարտականութիւնը` աւելցնելով, որ կիպրական իշխանութիւնները ընդառաջած են այդ նախաձեռնութեան:
Սարրաֆ յայտնեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Կիպրոս մեծ քանակով զինուորական օժանդակութիւն առաքած է Լիբանան` նշելով, որ ըստ Ֆոքայիտեսի, նոյնքան քանակութեամբ օժանդակութիւն մը մօտիկ ապագային պիտի հասնի Լիբանան` լիբանանեան բանակին պահանջները գոհացնելու համար:
Սարրաֆ յայտնեց, որ կիպրացի իր պաշտօնակիցին հետ ստորագրած է հրդեհները հակակշռելու միացեալ համաձայնագիր մը, ինչպէս նաեւ ծովային դէպքերու յատուկ փրկարար աշխատանքի վերաբերող համաձայնագիր մը:
Սարրաֆ յայտնեց, որ քննարկած են նաեւ լիբանանեան եւ կիպրական բանակներուն միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը:
Ան նշեց նաեւ, որ Յունաստանէն հրաւէր մը ստացած է ծովային հարստութիւնը` նաւթն ու բնական կազը պահպանելու իմաստով Լիբանան-Կիպրոս-Յունաստան եռակողմանի գործակցութեան:
Սարրաֆ հաստատեց, որ նախագահ Աունի ձեռնարկած տնտեսական զարթօնքը պիտի իրականանայ, եւ Կիպրոս առաջիններէն է, որ պիտի մասնակցի տնտեսական զարթօնքի այդ արշաւին:
Իր կարգին, Ֆոքայիտես շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանան այցելութեան առումով իր ստացած հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար:
Ան շեշտեց Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ հինէն եկող եւ ամուր յարաբերութիւններուն գոյութիւնը` նշելով, որ երկու երկիրներուն պատմութիւնը եւս միացեալ է: «Հետեւաբար մենք պիտի ամրապնդենք մեր յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը` բոլոր մարզերուն մէջ», ըսաւ ան:
Ֆոքայիտես նշեց, որ ապահովութիւնն ու պաշտպանութիւնը երկրին հիմնաքարերն են, եւ Կիպրոս պատրաստ է զինուորական առումով գործակցելու Լիբանանի հետ, ինչպէս նաեւ օժանդակելու լիբանանեան բանակին` կազմակերպելով նաեւ միացեալ ռազմափորձեր:
Ֆոքայիտես ընդգծեց շրջանին մէջ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` մաղթելով, որ շրջանը կ՛ուղղուի դէպի խաղաղութիւն ու կայունութիւն:
Ասուլիսին աւարտին Սարրաֆ Ֆոքայիտեսի նուիրեց «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան նուիրուած մետալը, որ կ՛ընդգծէ ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի յաղթանակը:
Ֆոքայիտես հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը եւ լիբանանեան բանակին տրամադրուած կիպրական զինուորական օժանդակութիւններուն վերաբերող հարցեր: