Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրին ուղղուեցաւ լիբանանեան բանակի Համաթի զինուորական խարիսխը` ներկայ գտնուելու համար «Սուփըր Թոքանօ էյ29» տիպի ամերիկեան օդանաւերու ստանձնումի պաշտօնական արարողութեան:
Այս նպատակով Համաթ ուղղուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան օդուժի պետ զօր. Ճեֆրի Հարիճեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով սպաներ:
Ձեռնարկին ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ հակառակ լիբանանեան բանակի սահմանափակ թիւին, ան փաստած է իր մարտունակութիւնը եւ կռուելու բարձր կարողութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը յարձակողական վիճակի մէջ չէ եղած, այլ կռիւի:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան օժանդակութեան համար` շեշտելով, որ անոր շնորհիւ բանակը կրցաւ աւելի հզօր կերպով կռուիլ ահաբեկչութեան դէմ: «Լիբանանեան օդուժը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ Լիբանանի բարձունքները ազատագրելու վերջին ճակատամարտին ընթացքին, եւ անոր շնորհիւ կարելի եղաւ պատերազմը արագ եւ կարճ ժամանակի մէջ աւարտել», հաստատեց ան:
Իր կարգին, Ռիչըրտ ըսաւ, որ ամերիկեան օդանաւերը լիբանանեան բանակին տրամադրելով Ուաշինկթընի նպատակն է օժանդակել բանակին` դիմադրելու վտանգներուն եւ ահաբեկչութեան:
Ռիչըրտ նշեց, որ «Սուփըր Թոքանօ էյ29» տիպի ամերիկեան օդանաւերը կը բարելաւեն բանակին կարողութիւնները: «Այս օդանաւերը կը նուիրենք Լիբանանը պաշտպանելու` անոր օրինական միակ ուժին` բանակին ընդմէջէն», յայտնեց ան: