Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն աճապարելու եւ արձանագրելու իրենց անունները, որպէսզի կարենան ընտրել իրենց ներկայացուցիչները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է յաղթահարեն ընտրական օրէնքին շուրջ իրենց տարակարծութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի գործադրութեան նախարարական յանձնախումբին նիստին ընթացքին, քուէարկողներու անուններու արձանագրութեան առումով բոլորը համաձայն գտնուած են, բացի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլէն:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին շեշտեց, որ աղբերուն հարցը ազգային տագնապ է` աւելցնելով, որ այդ մարզը կազմակերպուելու եւ կանոնաւոր ընթացքի մէջ մտնելու կարիք ունի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի արտերկրի կազմակերպութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ շեշտեց, որ տնտեսական-ընկերային ծրագիրը Լիբանանի փրկութեան համար մշակուած առաջին քաղաքական ծրագիրն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ գաղթականներու տունդարձին հարցով Լիբանան կրնայ ՄԱԿ-ի բանաձեւերը շրջանցել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի ընդգծեց, որ ո՛չ ընտրական օրէնքը, ո՛չ պետական ամավարկը եւ ո՛չ ալ աշխատավարձի յաւելումները նուաճումներ են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ իրենք պիտի շարունակեն Լիբանանը պաշտպանել, որքան ալ սպառնալիքները լուրջ ըլլան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ բարեկարգումը ընթացք առած է, որքան ալ ան հերքուի մեծամիտներուն կողմէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ստորագրուած հաշտութեան համաձայնագիրը առյաւէտ է` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու ամէն փորձ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ուաշինկթընէն յայտարարած էր հետեւեալը. «Պաղեստինցի, սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականները պէտք է վերադառնան իրենց երկիրները»:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը Ուաշինկթընի մէջ կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին հաստատեց Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատելու եւ Լիբանանի կայունութեան պահպանումին զօրակցելու կարեւորութիւնը:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ աշխարհը արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի շուրջ չի թաւալիր: Մերեհպի շեշտեց, որ տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող Պասիլի փաստաթուղթը ստիպողական չէ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին շուրջ արձանագրուած տարակարծութիւններուն լուծումը կը գտնուի Կեդրոնական Պէյրութի մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ տակաւին կանուխ է Մարատա հոսանքին հետ քաղաքական թէ ընտրական դաշինքներու մասին խօսելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնը պիտի կազմակերպուի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամէ Թոհմէ յայտնեց, որ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարես յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի համախոհական ընտրացանկով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի դիմագրաւած մեծագոյն հարցերը ելեկտրականութեան եւ ջուրի տագնապներն են:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Այն Հելուէ գաղթակայանէն Շատի Մաուլաուիի փախուստի լուրին հետ կը վարուին իբրեւ ստոյգ լուր եւ կը շարունակեն հետապնդել Այն Հելուէի մէջ գտնուող պահանջուած ահաբեկիչներուն թղթածրարը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կոչ ուղղեց Մընիէէն եւ Տըննիէէն արտագաղթած լիբանանցիներուն մասնակցելու Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ շեշտեց, որ երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահած հոսանքը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին ընդդիմադիր հոսանք մը չէ եւ նախագահին հետ քաղաքական տարակարծութիւններ չունի: Ան աւելցուց, որ նախագահ Աունի  իշխանութեան առաջին տարին նման է վարչակարգի մը վերջին տարուան` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնները երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք է, որ կրնան սրբագրուիլ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Սիտնիի համալսարանին մէջ կազմակերպուած լսարանի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը տարիներ շարունակ զէնք բարձրացուցած է ի խնդիր Լիբանանի պաշտպանութեան, սակայն անոր ընթացքը թիւրիմացութեան ենթակայ եղած է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ երկրին նոր վարչակազմին իշխանութեան եղանակը համազօր է նախկինին, եւ հաւանաբար նախկինէն ալ վատ է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական կեդրոնական խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք գնահատեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի կեցուածքը, որուն հիման վրայ ան մերժած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ խորհրդաժողովի մասնակցիլ իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետին ներկայութեան պատճառով: «Այդ կեցուածքով զօր. Աուն արտայայտեց Լիբանանի ազատ կամքը` վեր պահելով Լիբանանի արժանապատուութիւնը», շեշտեց Քաուք:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին յառաջիկայ մայիսին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները 2018-ի մայիսին կատարելու առնչութեամբ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համաձայն են:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր կոչ ուղղեց ներքին եւ արտաքին իմաստով ջանքեր ի գործ դնելու` ապահովելու համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, պետական եւ քաղաքական շրջանակներ կը նախատեսեն, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մօտիկ ապագային Սէուտական Արաբիա այցելէ եւ անոր ղեկավարութեան հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենայ:

 

 

Նախորդը

Տոհուքի Մէջ Հրկիզուած Են Քրտական Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու Երկու Կեդրոններ

Յաջորդը

«Բրիտանիա Կը Զօրակցի Լիբանանի Կայունութեան Եւ Պատրաստ Է Կրթական Եւ Տնտեսական Մարզերուն Մէջ Ներդրումներ Կատարելու» Շեշտեց Ալիսթեր Պըրթ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.