Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն. «Այսօր Կէսօրին Էլիզէի Մէջ Սաատ Հարիրին Պիտի Ընդունիմ Իբրեւ Վարչապետ»

Նոյեմբեր 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը նախատեսուէր, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի` ընկերակցութեամբ իր ընտանիքին, երէկ ուշ գիշերին հասնէր Փարիզ` ընդառաջելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հրաւէրին:

Հարիրիի Փարիզ հասնելէն ժամեր առաջ վարչապետի գրասենեակին տնօրէնը` Նատեր Հարիրի հասաւ Ֆրանսա:

Երեկոյեան ժամը 7:30-ին, նոյն ուղղութիւնը առաւ նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ անձնական օդանաւով մը մեկնեցաւ Փարիզ:

Մինչ վարչապետ Հարիրիի Փարիզի բնակարանին շուրջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուեցան, Հարիրի թուիթըրեան գրառումով մը տեղեկացուց, որ Սէուտական Արաբիա իր կեցութեան նպատակն էր Լիբանանի ապագային եւ շրջանային երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւններուն մասին խորհրդակցութիւններ կատարել:

«Իսկ այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին բռնի ուժով Ռիատի մէջ կեցութեանս եւ ընտանիքիս, պարզապէս զրպարտութիւններ են: Սուտ են այն լուրերը, թէ ինծի արտօնուած չէ Սէուտական Արաբիայէն դուրս գալ», հաստատեց Հարիրի` նշելով, որ դէպի օդակայան կ՛ուղղուի` Ռիատէն դուրս գալու համար: Ան աւելցուց, որ սէուտցի ոեւէ քաղաքացիի կամ Սէուտական Արաբիոյ վրայ եղած որեւէ յարձակում իր եւ իր բնակարանին վրայ եղած յարձակում է` դիտել տալով, որ նման քայլերու դիմողները կասկածելիներ են, եւ անոնց նպատակը խռովութիւն յառաջացնելն է», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահը յայտարարեց, որ ինք այսօր Էլիզէի պալատին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:20-ին պիտի ընդունի Հարիրին` իբրեւ վարչապետ:

Մաքրոն նշեց, որ Հարիրի Ֆրանսայի մէջ պիտի մնայ քանի մը օրուան կամ քանի մը շաբթուան համար, ապա պիտի մեկնի Պէյրութ:

Էլիզէի պալատին հաղորդած մանրամասնութիւններուն համաձայն, Մաքրոնի եւ Հարիրիի միջեւ հանդիպումին աւարտէն ետք Հարիրի եւ անոր ընտանիքը պիտի դառնան Մաքրոնի ճաշի հիւրերը:

Նշենք, որ Կեդրոնական Պէյրութի Հարիրիի բնակարանին մէջ եւս պատրաստութիւններ կը կատարուին վարչապետը դիմաւորելու:

Ժուպէյր. «Սէուտական Արաբիա Կը Զօրակցի Հարիրիին, Իսկ
Հըզպալլա Անոր Աշխատանքը
Կ՛արգելակէր»

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա միշտ օժանդակած է Լիբանանին, Թաէֆի համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ քաջալերած է Լիբանանը` միջազգային իմաստով իր տեղն ու կշիռը ունենալու:

Ժուպէյր շեշտեց, որ Հըզպալլա ահաբեկչական կազմակերպութիւն է` աւելցնելով, որ Լիբանան պիտի չհանդարտի, բացի երբ Հըզպալլա ապազինուի:

Ժուպէյր ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի Հարիրիին, իսկ Հըզպալլա անոր աշխատանքը կ՛արգելակէ:

Ան նշեց, որ Հըզպալլան պէտք է ապազինել եւ զայն վերածել քաղաքական կուսակցութեան:

Պասիլ – Լաւրով Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ աւարտեց իր արտաքին շրջապտոյտը` Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունենալով իր ռուս պաշտօնակիցին` Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Լաւրով հաստատեց, որ Լիբանան իր հարցերը պէտք է լուծէ առանց արտաքին միջամտութիւններու:

Լաւրով հաստատեց, որ Ռուսիա կը մերժէ լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամտել: Ան ըսաւ, որ Մոսկուա կը զօրակցի Պասիլի արշաւին եւ Լիբանանի ջանքերուն` պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ վերջ տալու Սէուտական Արաբիոյ հետ ստեղծուած տագնապին:

«Ռուսիոյ համար կարեւոր է, որ Լիբանանի անվտանգութիւնը պահպանուի եւ անոր պետական հաստատութիւնները աշխուժութեամբ գործեն», ըսաւ Լաւրով:

Իր կարգին, Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ այս փուլին Ռուսիոյ կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը:

Պասիլ նշեց, որ Լիբանանը իր դրական ընթացքէն շեղելու փորձ մը կայ` աւելցնելով, որ Հարիրիի հաշուոյն պատահածը անարդար է եւ կը վնասէ լիբանանցիներու արժանապատուութեան:

Ան յայտնեց, որ պահանջուածը Հարիրիի ազատ ու անկախ վերադարձն է Լիբանան, ուր ան իր ազատ կամքով պիտի տայ իր ուզած որոշումը:

«Այդպիսով վերջ դրած կ՛ըլլանք Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին կարեւոր մէկ բաժինին, եւ կը վերահաստատենք Լիբանանի գերիշխանութիւնը», ըսաւ ան:

Երեկոյեան Պասիլ վերադարձաւ Լիբանան:

Նախորդը

Նախագահական Պալատին Մէջ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին» Շեշտեց Մաշնուք

Յաջորդը

«Սպասենք Ու Պիտի Տեսնենք». Նալբանդեան` Արեւելեան Գործընկերութեան Վեհաժողովի Յայտարարութեան Հռչակագիրին Մասին

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?