Երէկ լարուած կացութիւն տիրեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ, երբ դիմակաւոր անծանօթ զինեալ մը ահաբեկեց շրջանի պատասխանատուներէն Մոհամետ Հուժէյրը:
Դէպքը, որուն յաջորդեցին կրակոցներ, վախի ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծեց գաղթակայանին մէջ, ուր կարգ մը վաճառատուներ փակուեցան, եւ բնակիչներ պատրաստուեցան գաղթակայանէն մեկնելու:
Պաղեստինեան ապահովական միացեալ ուժեր արտակարգ նիստ մը գումարեցին, որոշեցին վերահաստատել ապահովական կայունութիւնը եւ առիթ չտալ բախումներու սաստկացման:
Աւելի ուշ անծանօթներ երկու ձեռնառումբեր արձակեցին Ֆոքանի թաղամասի Հայ Թիրէ եւ Ռաս Ահմար շրջաններուն մէջ: