Էլիզէ. «Հարիրի Շաբաթ Օր Փարիզի Մէջ Պիտի Հանդիպի Նախագահ Մաքրոնի»
Վարչապետ Սաատ Հարիրին Ռիատէն դուրս բերելու իմաստով լիբանանեան ու ֆրանսական ջանքերը երէկ շարունակուեցան:
Կէսօրէ ետք Ռիատի մէջ Հարիրիի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի միջեւ հանդիպումին բերմամբ նշմարուած դրական նշոյլները երեկոյեան հաստատուեցան, երբ Էլիզէի պալատը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Հարիրի վաղը` շաբաթ, 18 նոյեմբերին, Փարիզի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Մաքրոն վարչապետ Հարիրին եւ անոր ընտանիքը հրաւիրած էր Ֆրանսա:
Հարիրի Կը Հաստատէ, Որ Պիտի Ընդառաջէ Մաքրոնի Հրաւէրին
Ուրեմն, երէկ կէսօրին Ռիատի մէջ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Լոտրիանի հետ:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի ուղղուի Ֆրանսա` ընդառաջելով նախագահ Մաքրոնի հրաւէրին:
Պատասխանելով Ֆրանսա մեկնելու ժամկէտին ակնարկող հարցումի մը` Հարիրի բաւարարուեցաւ ըսելով. «Մօտիկ ապագային»:
Ժուպէյր – Լոտրիան Հանդիպում
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, թէ այլեւս կարելի չէ հանդուրժել Իրանը եւ աւելցուցած. «Սէուտական Արաբիա կը խորհրդակցի իրեն դաշնակից երկիրներուն հետ` Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնելու միջոցներուն մասին, որպէսզի վերջ տայ փոքր երկրին վրայ անոր իշխանութեան: Պէտք եղած պահուն յստակ որոշում պիտի տանք»:
Թէեւ Ժուպէյր չէր բացայայտած տրուելիք որոշումը, սակայն «Մարքազիէ» լրատու գործակալութիւնը սպրդեցուցած էր, թէ կիրակի օր Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուելիք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին Սէուտական Արաբիա պիտի ցուցադրէ տեսերիզ մը` Ռիատի Խալետ թագաւորի անուան օդակայանը թիրախ դարձուցած հեռահաս հրթիռին, այդ հրթիռը Եմէն հասցնելուն եւ հուսիներուն ընկերակցող Հըզպալլայի գործիչներուն մասին, ինչպէս նաեւ պիտի արծարծեն Քուէյթի մէջ գործող Ապտալիի բջիջին հարցն ու Պահրէյնի մէջ Հըզպալլայի դերակատարութիւնը:
Միւս կողմէ, Լոտրիան հանդիպումներ ունենալէ ետք Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի հետ, հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ սէուտցի իր պաշտօնակիցին` Ատել Ժուպէյրի հետ:
Հանդիպումէն ետք Լոտրիան յայտնեց, որ Հարիրի իր ընտանիքին հետ հրաւիրուած է Փարիզ:
Հրաւէրը նախագահ Մաքրոնի կողմէ է, իսկ Հարիրի բարեկամ մըն է, որ կրնայ Ֆրանսա այցելել ըստ իր յարմարութեան:
Լոտրիան աւելցուց նաեւ, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
Իր կարգին, Ժուպէյր յայտնեց, որ Հարիրի իր կամքով կ՛ապրի Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Ան ներկայացուց իր հրաժարականը, իսկ Լիբանան վերադարձի որոշումը Հարիրիի որոշումն է` ապահովական կացութիւնը սերտելէ ետք: «Հարիրի ինք կ՛որոշէ, թէ ի՛նչ կը փափաքի ընել», աւելցուց Ժուպէյր:
Պատասխանելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած այն ամբաստանութիւններուն, թէ Սէուտական Արաբիա կալանաւորած է Հարիրին եւ անիկա Լիբանանի դէմ թշնամական արարք մըն է, Ժուպէյր ըսաւ. «Այդ կեցուածքը խիստ մերժելի է, որովհետեւ անհիմն է եւ անճիշդ»:
Պէտք է աւելցնել, որ Ռիատի մէջ ռուսական դեսպանատունը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Հարիրիի հետ, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Հարիրի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանը ունեցած են հանդիպում մը:
Պասիլ Այցելեց Գերմանիա Եւ Թուրքիա. Այսօր Ան Կը Մեկնի Մոսկուա
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ վարչապետ Հարիրին Լիբանան վերադարձնելու նպատակով սկսած դիւանագիտական իր արշաւին շրջագիծին մէջ երէկ հասաւ Պերլին:
Ան հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի արտաքին հարցերու խորհրդատու Եան Հեքըրի հետ, որուն ներկայացուց Հարիրիի հրաժարականին եւ անոր մասին Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնք արդէն իսկ ծանօթ էին գերմանացի պաշտօնատարին:
Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ գերմանացի իր պաշտօնակիցին` Զիկմար Կապրիէլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ պահանջեց բարեկամ երկիրներուն օժանդակութիւնը` կասեցնելու համար Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ կարգ մը պետութիւններու թշնամական քաղաքականութիւնը:
Պասիլ շեշտեց Հարիրիի Լիբանան վերադարձին կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ վարչապետ Հարիրի քաղաքական չափաւորական գործակից մըն է, որուն պէտք է զօրակցիլ եւ ոչ թէ անոր դէմ պայքարիլ:
«Այս փուլին ընթացքին Հարիրիի դէմ պայքարը կ՛ամրապնդէ ծայրայեղականութիւնը», շեշտեց Պասիլ:
Իր կարգին, Կապրիէլ հաստատեց, որ Պերլին կ՛ողջունէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը` միաժամանակ աւելցնելով, որ Գերմանիա մտահոգ է Լիբանանի ապահովական կայունութեան հասնելիք վտանգներուն հաւանականութեամբ:
Ան նշեց, որ պատահածը Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն է:
«Մենք յանձնառու ենք լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, որովհետեւ անիկա կը նպաստէ նաեւ շրջանային, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի կայունութեան», հաստատեց Կապրիէլ:
Երեկոյեան Պասիլ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ` ներկայութեամբ իր թուրք պաշտօնակիցին` Մեւլութ Չաւուշօղլուի:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ Հարիրիի հարցը միջազգային ուխտերու ընդմէջէն տրուած ազատութիւններու եւ անձեռնմխելիութեան հարց է:
«Կը մաղթենք, որ այս հարցը լուծուի, որպէսզի դիւանագիտական մեր արշաւին մագլցողական բնոյթ չճշդենք` վարչապետ Հարիրին իր երկիրը վերադարձնելու նպատակով», ըսաւ Պասիլ:
Ան ըսաւ, որ Թուրքիա մօտէն հետեւած է Լիբանանի կացութեան, որովհետեւ հարցը լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան կը վերաբերի:
Պասիլ նաեւ նշեց, որ իրենք լրջօրէն կը հետեւին ֆրանսական նախաձեռնութեան, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Հարիրին Փարիզ եւ ապա Լիբանան փոխադրել:
Իր կարգին, Չաւուշօղլու շեշտեց, որ իրենց համար կարեւոր է Հարիրիի Լիբանան վերադարձը` աւելցնելով, որ իրենք վստահ են, թէ Հարիրի պիտի խորհրդակցի նախագահ Աունի եւ քաղաքական ուժերուն հետ` առողջ որոշում տալու համար:
«Կը գնահատենք լիբանանցի պատասխանատուներուն, յատկապէս նախագահ Աունի դրական կեցուածքները, ինչպէս նաեւ կը զօրակցինք Լիբանանի միասնականութեան եւ կայունութեան` մերժելով զայն վտանգի ենթարկող որեւէ կարելիութիւն», ըսաւ Չաւուշօղլու:
Նշենք, որ Պասիլ այսօր Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Նախագահ Աուն Կը Շարունակէ Բացատրել
Հարիրիի Հրաժարականին Մասին Լիբանանի Կեցուածքը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լրագրողներու եւ խմբագիրներու սենտիքաները, որոնց ներկայութեան ան շեշտեց, թէ Մաքրոնի կողմէ Հարիրիի եւ անոր ընտանիքին ուղղուած հրաւէրը ողջունելի է եւ կրնայ Լիբանանի մէջ ստեղծուած տագնապը լուծել:
Նախագահ Աուն նշեց, որ տագնապին լուծման առաջին փուլը Հարիրիի Ֆրանսա ուղղուիլն է, իսկ երկրորդ փուլը` Լիբանան վերադարձը:
Ան շեշտեց, թէ Հարիրի պէտք է Լիբանանի մէջ ներկայացնէ իր հրաժարականը` աւելցնելով, որ նոյնիսկ ընթացիկ աշխատանքի կառավարութիւնը կարիք ունի վարչապետի, որպէսզի ան արտակարգ կացութիւններու պարագային նիստեր գումարէ եւ որոշումներ տայ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ամէն ինչ ունի իր օրինական լուծումը` շեշտելով, որ նախագահական համաձայնութիւնը միջլիբանանեան համաձայնութիւն մըն էր, որուն ոչ ոք միջամուխ դարձած է:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական կացութիւնն ու շուկաներուն իրավիճակը:
Միւֆթի Տըրիան Կը Հանդիպի Երեսփոխաններու Հետ
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ ողջունեց անոր իմաստուն ու խոհեմ մօտեցումը` երկրին տագնապին հետ վարուելու առումով:
Իր կարգին, Պըրրի նոյն գնահատականը տուաւ միֆթիին` դրուատելով Լիբանանը յուզող ազգային այս տագնապին հետ վարուելու անոր եղանակը:
Միֆթի Տըրիան շարունակեց ընդունիլ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները, որոնց կարգին էր Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Սամեր Սաատէի եւ Նատիմ Ժեմայէլի:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:
Միւֆթի Տըրիանի այցելեցին նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Մոհամետ Քապպանի եւ Ամմար Հուրի:
Տար Ֆաթուայի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային զարգացումները: