Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ հանրապետութեան նախագահութեան եւ խորհրդարանին միջեւ աշխատանքի բարձր մակարդակի համադրում գոյութիւն ունի:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի միջազգային հարցերու խորհրդատու Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վիճակին մասին անորոշութիւնը մղած է նախագահ Աունը չորեքշաբթի օրուան իր յայտարարութիւնները կատարելու: Ան նշեց, որ Հարիրիի վիճակին անյստակութեան մասին յայտարարութիւններուն շուրջ սէուտական լուսաբանումներ չկատարուեցան, ինչ որ մղեց նախագահ Աունը պաշտպանելու լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը, «այլապէս նախագահ Աուն լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններուն յանձնառու կը մնայ», ըսաւ ան:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանի կողմէ ինքզինք շրջանային տագնապներէն զերծ կացուցելու քաղաքականութեան կառչած մնալը անհրաժեշտ է: Ապի Ասի նշեց, որ Սէուտական Արաբիան սկսած է Հըզպալլայի եւ լիբանանցիներուն միջեւ չզանազանել` նկատի ունենալով, որ Հըզպալլա մաս կը կազմէ Լիբանանի կառավարութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ երկրին մէջ ստեղծուած տագնապը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի համախոհութեամբ վերընտրութեան համազօր է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ կիրակի օր պիտի վերադառնայ Լիբանան, եւ անոր վերադարձով քաղաքական խօսակցութիւնները պիտի վերադառնան իրենց էութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ իրենք պէտք է դիմադրեն Հըզպալլային այնպիսի քաղաքականութեամբ մը, որ ան վերջ տայ լիբանանցիներուն վրայ իր քաղաքականութիւնը պարտադրելու սովորութեան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահած Հանրապետութեան հանդիպումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` կոչ ուղղելով բոլորին օգտուելու վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձով Լիբանանի տրուած առիթէն եւ գործադրելու Լիբանանը շրջանային տագնապներէն զերծ կացուցելու քաղաքականութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի թղթածրարին հարցով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ֆրանսայի առած քայլերը բացառիկ կարելի է նկատել:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ տնտեսական շրջանի վարչական խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ռայա Հասան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ տնտեսական շրջանի ստեղծումը քաղաքին կը վերադարձնէ իր կշիռը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Սայտայի վերեւ թռիչքներ կատարեց` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ խոչընդոտելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր շեշտեց, որ լիբանանցիներն են, որոնք կ՛որոշեն իրենց վարչապետին ինքնութիւնը` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ վարուելակերպը վարկաբեկիչ է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Սէուտական Արաբիոյ հետ չի փափաքիր գժտուիլ, իսկ Ռիատի կողմէ Լիբանանի դէմ մագլցումի քայլերու որդեգրումը մեծ սխալներու համազօր պիտի ըլլայ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի նախ սէուտցի է, ապա լիբանանցի, եւ ապա այլ քաղաքացի: Ան նշեց, որ եթէ ան քաղաքացիութիւն չունենար, այս վարուելակերպին չէր ենթարկուեր, հետեւաբար պէտք է մշակուի լիբանանեան օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ պատասխանատու պաշտօն կրող լիբանանցիի մը այլ քաղաքացիութիւն կրել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը շաբաթներ առաջ ներխուժած է շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիի` Ապու Թաքիէի պատկանող պահեստանոց մը, որուն մէջ մեծ քանակով զէնք ու զինամթերք բացայայտած է եւ զանոնք գրաւած:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտ

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրին Ռիատէն Դուրս Բերելու Ֆրանսական Նախաձեռնութիւնը Յաջող Կը Թուի

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.