Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ «Սի. Էն. Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին երէկ յայտարարեց, թէ կը նախատեսուի, որ առաւելագոյնը չորեքշաբթի օր վարչապետ Սաատ Հարիրի վերադառնայ Պէյրութ: Պասիլ նշեց, թէ Հարիրի ի՛նք կ՛որոշէ, թէ վերստին պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը կամ ոչ:
«Կ՛ուզենք, որ վարչապետ Հարիրի ազատօրէն վերադառնայ Լիբանան, ուր կրնայ ուզածը յայտարարել», ընդգծեց Պասիլ: