Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Արտակարգ Նիստ . Պաղեստինցիներուն Եւ Պաղեստինեան Արդար Դատի Լուծման Զօրակցութիւն

Դեկտեմբեր 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը:

Նիստին բացումը կատարեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ յայտնեց, թէ Երուսաղէմին դէմ յանդգնողը Աքսայի մզկիթին եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դէմ եւս կը յանդգնի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան Լիբանանի դէմ գործելու յանդգնութիւն կ՛ունենայ:

Պըրրի շեշտեց, որ Թրամփի որոշումը կը միտի հրէականացնել Պաղեստինը եւ իսրայէլեան բնակեցումը աւարտելէ ետք իրագործել պաղեստինցի գաղթականները իրենց բնակած երկիրներուն մէջ բնակեցնելու ծրագիրը:

Ապա խօսք առին շարք մը երեսփոխաններ, որոնք դատապարտեցին Թրամփի որոշումը եւ պաղեստինցիներուն ու Պաղեստինեան արդար դատի լուծման զօրակցութիւն յայտնեցին:

Խորհրդարանի նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ ամերիկեան այս որոշումը պատերազմի դռներ կը բանայ, ինչպէս նաեւ թշնամի Իսրայէլին եւ անոր բռնարարքներուն հովանաւորութիւն կը նկատուի:

«Խորհրդարանը կը դատապարտէ այս որոշումը եւ կ՛ընդգծէ թշնամիին դիմադրելու եւ տուն դառնալու պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքը: Պաղեստինեան հողերուն վրայ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու կառուցման շարունակութիւնը իր կարգին դատապարտելի է, եւ Իսրայէլ պէտք է ազատ արձակէ իր բանտերուն մէջ  արգելափակուած պաղեստինցի խորհրդարանականները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Խորհրդարանը կոչ ուղղեց արաբական եւ շրջանային բոլոր ջանքերը մէկտեղելու, որպէսզի պաղեստինցիները վերատիրանան իրենց իրաւունքներուն:

Խորհրդարանը ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումը կը սկսի պաղեստինցիներու տունդարձի եւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքէն, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Երուսաղէմով ազատ եւ անկախ Պաղեստինի կերտումէն:

Վարչապետարանի Լուսաւորում

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան վարչապետարանը լուսաւորուեցաւ Աքսայի մզկիթին եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ լուսանկարներով` առ ի զօրակցութիւն Պաղեստինի եւ պաղեստինցիներուն, եւ դատապարտում` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատող ամերիկեան որոշումին:

Նախորդը

Պաղեստինի Մէջ «Զայրոյթի Ուրբաթ». Պաղեստին Երուսաղէմի Հարցով Պիտի Դիմէ Միջազգային Դատարան

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ . Լիբանանի Օժանդակ Պետութիւնները Յանձնառու Կը Մնան Լիբանանի Կայունութեան

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?