Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ներկայ գտնուեցաւ «Տիաճիօ» ընկերութեան եւ «Արքանսիել»-ի ու «Տեվելոփմընթ» հաստատութեան գործակցութեամբ կազմակերպուած ապակեայ շիշերու վերարտադրութեան ծրագիրի մեկնարկին, որ տեղի ունեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Մամլոյ ակումբին մէջ:
Նախարար Կիտանեան ողջունեց ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն եւ սեփական մարզին կողմէ առաջադրուած այս հազուագիւտ նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակն է զօրակցիլ Լիբանանի զբօսաշրջական ու հիւրընկալումի մարզերուն եւ պաշտպանել զանոնք:
«Լիբանան զբօսաշրջական կարեւորագոյն երկիրներէն է, եւ հիւրընկալութիւնը հիմնական է այս մարզին բարգաւաճման համար», ըսաւ նախարար Կիտանեան` հաստատելով, որ զբօսաշրջութիւնը լիբանանեան տնտեսութեան հիմնասիւնն է:
«Լիբանան կարիքը ունի նման նախաձեռնութիւններու, որոնք կը միտին պահպանել կենսոլորտը եւ ծառայել ընկերութեան», շեշտեց ան:
Միւս կողմէ, «Իքթիսատ»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ ոգելից ըմպելիներու ընկերութիւններուն կողմէ ապակեայ շիշերու վերարտադրութեան նախաձեռնութիւնը ողջունելի է, համաշխարհային մակարդակի վրայ առաջին անգամն է, որ կ՛արձանագրուի, եւ կը փաստէ այդ մարզին բարգաւաճումը` աղբի քանակը նուազեցնելու եւ կենսոլորտին նուազ վնասներ պատճառելու իմաստով:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ այս աշխատանքը կ՛օժանդակէ նաեւ առաջքը առնելու ոգելից ըմպելիներու կեղծելու արարքին: «Լիբանանի մէջ որեւէ դրական նախաձեռնութիւն ողջունելի է եւ քաջալերելի», հաստատեց Աւետիս Կիտանեան: