Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արաբական Եւ Իսլամական Երկիրները Պէտք Է Յայտարարեն, Թէ Երուսաղէմը Պաղեստինի Յաւիտենական Մայրաքաղաքն Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Դեկտեմբեր 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երէկոյեան ժամը 6:00-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Պալֆուրի խոստումէն դար մը ետք Պալֆուրի Բ. խոստում մը արձանագրուած է:

Ան նշեց, որ Իսրայէլի համար արաբական եւ եւրոպական երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ տեսակէտները անկարեւոր են, իսկ զանոնք մխիթարողը ամերիկեան կեցուածքն է:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը հարց տուաւ, թէ Պաղեստինեան դատը ի՞նչ կ՛ըլլայ, եթէ Երուսաղէմը անկէ դուրս մնայ: Ան իր խօսքը ուղղելով խաղաղութեան հոլովոյթի բանակցութիւններով հետաքրքրուողներուն հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այդ բանակցութիւններուն դէմ վերջին փամփուշտը արձակած է:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ ժողովրդային բազմամարդ ցոյց մը կատարելու երկուշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին` դատապարտելու համար Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատող ամերիկեան որոշումը:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց նաեւ արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ ծառայող Միացեալ Նահանգներու դեսպանները վտարելու եւ Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ արաբական եւ իսլամական երկիրները պէտք է յայտարարեն, թէ Երուսաղէմը Պաղեստինի յաւիտենական մայրաքաղաքն է:

Ան Արաբական լիկայէն պահանջեց գումարել արտակարգ վեհաժողով մը, որուն միանայ նաեւ Իսլամական երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդը, եւ զոյգ մարմինները հրապարակեն որոշում մը, որուն համաձայն, Երուսաղէմը յայտարարուի Պաղեստինի յաւիտենական մայրաքաղաք: Ան աւելցուց, որ այդ որոշումը պէտք է ըլլայ վերջնական եւ ոչ բանակցելի:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց պաղեստինեան նոր ինթիֆատայի մը:

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Կառավարութեան Եւ Անոր Վերջին Հաղորդագրութեան Նկատմամբ Մեր Զօրակցութիւնը Կը Վերահաստատենք»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Դատապարտեց Թրամփի Որոշումը, Իսկ Խորհրդարանը Այսօր Կը Գումարէ Երուսաղէմի Նուիրուած Նիստ Մը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?