Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Ողջունեց Հարիրիի Հրաժարականին Յետս Կոչումը

December 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ ողջունեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ իր իսկ հրաժարականին յետս կոչումը:

Էլիզէի պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ հաստատուեցաւ, որ Մաքրոն իմացած է Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի գլխաւորութեամբ գումարուած կառավարութեան արտակարգ նիստէն բխած հաղորդագրութեան մասին, որուն լոյսին տակ վարչապետ Հարիրի իր հրաժարականը չեղեալ նկատած էր եւ պաշտօնապէս վերստանձնած իր պաշտօնը:

Էլիզէի պալատի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Փարիզ մօտէն պիտի հետեւի լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կողմէ իրենց խոստումները յարգելու հոլովոյթին, յատկապէս Լիբանանի կառավարութեան կողմէ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան գործադրութեան եղանակին:

Ֆրանսայի նախագահական պալատին հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ լիբանանցիներուն զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան ու գերիշխանութեան ամրապնդումին: «Այս նպատակով, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ուրբաթ, 8 դեկտեմբերին ժողովի հրաւիրած է Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումի անդամ երկիրներուն ներկայացուցիչները` ներկայութեամբ վարչապետ Հարիրիի», եզրափակուեցաւ Էլիզէի հաղորդագրութիւնը:

Միւս կողմէ, Մաքրոն հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի օժանդակ եւ նուիրատու երկիրներուն ժողովը կը հաստատէ Լիբանանի անդորրը պահպանելու իմաստով միջազգային նախանձախնդրութեան գոյութիւնը:

 

Նախորդը

Պըրրի Ողջունեց Կառավարութեան Նիստին Վաւերացուցած Հաղորդագրութիւնը

Յաջորդը

«Լիբանան Կարիքը Ունի Նման Նախաձեռնութիւններու, Որոնք Կը Միտին Պահպանել Կենսոլորտը Եւ Ծառայել Ընկերութեան» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.