Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Ինչ Որ Պատահեցաւ Երուսաղէմին Նախադրեալ Մըն Է` Զայն Դուրս Հանելու Բանակցութիւններէն, Իսկ Այս Հարցին Լուծումը Զինեալ Դիմադրութեամբ Կ՛ապահովուի»

December 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Երուսաղէմի մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կատարածը պարզապէս նախադրեալ մըն է այսպէս կոչուած «դարու գործարք»-ի մը, որ կը միտի Երուսաղէմը դուրս բերել արաբներուն եւ Իսրայէլի, ինչպէս նաեւ պաղեստինցիներուն եւ Իսրայէլի միջեւ տեղի ունեցող խաղաղութեան բանակցութիւններէն:

Գիտնալով հանդերձ, որ քաղաքական եւ դիւանագիտական կեցուածքները ամերիկեան վարչակազմին վրայ ճնշող ազդակներ են, Պըրրի հաստատեց, որ Երուսաղէմի խնդիրը լուծելու ամէնէն ազդու միջոցը զինեալ դիմադրութիւնն է:

Այս առումով ան մէջբերեց Քեմփ Տէյվիտի համաձայնութեան նախօրեակին անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի խօսքը` ուղղուած Պաղեստինի նախկին նախագահ Եասեր Արաֆաթին. «Երուսաղէմի պատիւը կրնայ փրկուիլ միայն հաւատացեալներուն ձեռամբ»:

Պըրրի ըսաւ նաեւ, որ եթէ ամերիկացիները իմանային, թէ արաբները կը յանդգնին Միացեալ Նահանգներուն հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզել, ապա նման որոշում մը չէին տար: Ան դիտել տուաւ, որ ամերիկացիներուն մեծամտութեան եւ նման որոշում մը տալու հիմնական դրդապատճառը ցած հովիտն է, որովհետեւ երբ հովիտը շատ ցած ըլլայ` լեռը շատ բարձր կ՛երեւի:

Պըրրիի խորհրդարանը հրաւիրեց նիստի մը` Երուսաղէմի վերաբերող զարգացումները քննարկելու: Ան հաստատեց, որ նիստին օրակարգը սահմանափակուած պիտի ըլլայ Երուսաղէմի հիմնախնդիրով, եւ կարելի պիտի չըլլայ ոեւէ երեսփոխանի` քննարկումի նիւթէն եւ լիբանանեան համախոհութենէն շեղիլ: Ան աւելցուց, որ ինք վերջնական կեցուածք մը բնորոշող բանաձեւ չի կրնար պարտադրել, սակայն կը մաղթէ, որ խորհրդարանին կեցուածքը Դիմադրութեան զօրակցի:

Նախորդը

Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց Աուտէ Եպիսկոպոսին

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Ֆրենժիէի Հետ Քննարկեց Քաղաքական Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.