Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Մասին Ամերիկեան Որոշումին Դէմ Աուքարի Ցոյցը Վերածուեցաւ Ցուցարարներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Բախումներու

December 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան խմբաւորումներ, ձախակողմեան երիտասարդական միութիւններ, Մուրապիթուն, Համայնավար եւ Ղովմի կուսակցութիւնները եւ շարք մը այլ շարժումներ երէկ առաւօտեան բողոքի ցոյց մը կատարեցին Աուքարի մէջ` ամերիկեան դեսպանատան դիմաց:

Խաղաղօրէն սկսած ցոյցին ընթացքին ցուցարարները դատապարտեցին Երուսաղէմի վերաբերող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը:

Աուքարի հրապարակին վրայ կատարուած ցոյցին խաղաղութիւնը սակայն երկար չտեւեց, երբ երիտասարդները սկսան իրենց իսկ ապահովութեան հսկող ապահովութեան ուժերը քարկոծել, հետեւաբար ցոյցը վերածուեցաւ բախումներու:

Բախումներուն պատճառով վիրաւորուեցան ներքին ապահովութեան ուժերու 19 ոստիկաններ, ինչպէս նաեւ 50 ցուցարարներ:

Ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին 10 յանցագործներ, որոնք լիբանանցիներ եւ պաղեստինցիներ էին:

Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելու ամերիկեան որոշումը մերժող ցուցարար երիտասարդները քարկոծեցին բանակայիններն ու ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք իրենց կարգին արցունքաբեր կազեր եւ ջուր արձակելով փորձեցին ցրուել զանոնք եւ հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը:

Բախումներուն սաստկանալէն ետք վայրագութիւնները հակակշիռի տակ առնող յատուկ ուժերը հրահանգ ստացան վերջ տալու ցոյցին, որուն ընթացքին Աուքարի հրապարակին վրայ արձանագրուեցան նիւթական վնասներ:

Աուքարի բնակիչները խստիւ բողոքեցին ցուցարարներուն վարուելակերպին դէմ` հաստատելով, որ իրենք եւս կը մերժեն Թրամփի որոշումը, սակայն հարց կու տան, թէ Երուսաղէմը Աուքարի հրապարակէ՞ն պիտի ազատագրեն, ինչպէս նաեւ հարց կու տան, թէ տօնածառին յանցանքը ի՞նչ է այդ բոլորին մէջ, որ քանդած են զայն:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն ստացած էր Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք Երուսաղէմի նուիրուած  Իսլամական արտակարգ վեհաժողովին մասնակցելու հրաւէր մը, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Էրտողանի հետ եւ ընդառաջեց հրաւէրին:

Հետեւաբար նախագահ Աուն չորեքշաբթի օր կը մեկնի Թուրքիա` ներկայ գտնուելու այդ խորհրդաժողովին:

Իր կարգին, վարչապետ Սաատ Հարիրի ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն ներբեռնեց պաղեստինեան դրօշակով լուսաւորուած  Ռաուշէի ժայռերուն լուսանկարը եւ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Երուսաղէմը պիտի մնայ Պաղեստինի մայրաքաղաքը, իսկ Պէյրութ պիտի մնայ օրէնքին, ինչպէս նաեւ դատին եւ հողին իրաւատէրերուն կողքին»:

Նշենք, որ այսօր յետմիջօրէին Հարաւային արուարձաններուն մէջ պիտի կատարուի բողոքի ցոյց մը` բողոքելով Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելու ամերիկեան որոշումին դէմ:

Նախորդը

Գահիրէի Մէջ. «Աստուած Մի Արասցէ, Որ Այս Տագնապէն Յուսալքուած Դուրս Գանք. Յեղափոխութիւն Կամ Մահ` Քնացող Ազգին» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Տինքի Սպանութեան Գործով Հինգ Կասկածելիներ Պայմանականօրէն Ազատ Պիտի Արձակուին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.