Կիներու Միջազգային Տօնին Առիթով. Նախագահ Աուն Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանցի Տղամարդուն Եւ Կնոջ Միջեւ Ընկերային Տարբերութիւնները Վերացնելու Եւ Հաւասարութիւնը Ամրապնդելու
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յորդորեց կիները նախաձեռնելու եւ հանրային կեանքին մէջ իրենց դերակատարութիւնը ստանձնելու: «Պէտք չէ սպասէք, որ տղամարդը զիջի իր իրաւունքէն կամ դերակատարութենէն, կամ ալ կնոջ մասնաբաժինը ճշդէ: Դուք ձեր ներկայութիւնը պիտի պարտադրէք եւ քաղաքական կեանքին մէջ աշխուժ գործունէութիւն ունենաք», շեշտեց...




















